Կենսական Կարեւոր է ազրպէյճանական Զինուած Ծառայողներու Հեռացումը Հայաստանի Տարածքէն ու Մեր Համայնքներուն Մօտէն. Թաթոյեան

Հայաստան

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ քանի մը օր առաջ կազմակերպեցինք քննարկում Գեղամ Ստեփանեանի, Արա Ղազարեանի եւ Սիրանուշ Սահակեանի մասնակցութեամբ: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան:

«Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ քանի մը օր առաջ կազմակերպեցինք քննարկում Գեղամ Ստեփանեանի, Արա Ղազարեանի եւ Սիրանուշ Սահակեանի մասնակցութեամբ։ Քննարկումը կը վարէր Ատելաիտա Բաղդասարեանը։ Անդրադարձանք Արցախի նկատմամբ 2023թ. սեպտեմբերեան զինուած յարձակումներուն ընթացքին ազրպէյճանական Արցախի մէջ քաոս յառաջացնելու ռազմավարութեան, Արցախէն բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքին, ազրպէյճանի մէջ կամայական անազատութեան մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներու ազատ արձակման խնդիրներուն։ Հայաստանի սահմանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերը ներկայացուեցան Սիւնիքի Կապան համայնքի Ներքին Հանդ գիւղի օրինակով, որ ցոյց կու տայ, թէ որքան կենսական կարեւոր է ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու հեռացումը Հայաստանի տարածքէն ու մեր համայնքներուն մօտէն առհասարակ։

Քննարկումներուն մասնակցեցան նաեւ համալսարանի ուսանողներ, դասախօսներ, ոլորտի մասնագէտներ։

Քննարկումը կազմակերպուած էր Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի մարդու իրաւունքներու եւ հասարակական արդարութեան, ինչպէս նաեւ իրաւագիտութեան մագիստրոսական ծրագրերու ծիրէն ներս։

Աւելին` այստեղ: