Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Յստակ Միջոցներ Ձեռնարկելու` Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը Պաշտպանելու Համար

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ի գիտութիւն կ՛ընդունի Եւրոպական յանձնաժողովի 5 Ապրիլի յայտարարութիւնները` ուղղուած Հայաստանի դիմակայունութեան բարձրացման տարբեր ներդրումային ծրագիրներու միջոցով, ներառեալ 270 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհը, որ ուղղուած է փոքր եւ միջին ընկերութիւններուն աջակցելուն: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան շեշտադրումը ենթակառուցուածքային նախագիծերուն վրայ, մասնաւորապէս` Սեւ ծովու ելեկտրահաղորդման մալուխի նախագիծի եւ վերականգնուող ուժանիւթի նախաձեռնութիւններու մասով, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսական աճին եւ զարգացման:

Թէեւ ներդրումներն ու բարեփոխումները կարեւոր են երկրի յառաջընթացին համար, սակայն Հայաստանի առաջնահերթ մարտահրաւէրը անվտանգութեան սպառնալիքն է, որուն կը բախի ազրպէյճանի յարձակողապաշտական եւ ծաւալապաշտական նկրտումներուն պատճառով:

Գրասենեակը Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ յստակ ազդանշաններ ուղարկելու ազրպէյճանին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ բոլոր տարածքային յաւակնութիւնները, ներառեալ Տաւուշի մարզի այսպէս կոչուած «անքլաւներ»-ու հարցը, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի մարզով արտատարածքային փոխադրական կապուղիներու պահանջը բացարձակապէս անընդունելի են:

ազրպէյճանի պահանջները կապ չունին սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին հետ: Ասիկա սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկումով հողերու բռնագրաւման քաղաքականութիւն է: ազրպէյճանը պէտք է իր ուժերը դուրս բերէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, որ կը շարունակէ պահել բռնագրաւման տակ:

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ նաեւ նախանշելու յստակ, շօշափելի միջոցներ եւ ռազմավարական ծրագիրներ` աջակցելու Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան` հաշուի առնելով ազրպէյճանէն եկող նախայարձակումը:

Բացի ատկէ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակի նախաձեռնութիւնը, որով Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղուի նիւթական միջոցներ յատկացնելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արժանապատիւ կեցութիւն ապահովելու համար, մինչեւ որ միջազգային պաշտպանութեան գործիքակազմերու գործադրումով կարելի ըլլայ անոր վերադարձի ապահովումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան վերջին յայտարարութիւններուն վերաբերեալ նկատել տուած է. «Կայ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան խիստ անհրաժեշտութիւն` միջազգային պաշտպանութեան ներքեւ Արցախի հայերու հայրենիք վերադառնալու հաւաքական իրաւունքի իրականացման համար: Անոնց վերադարձի ապահովումը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի կայունութեան եւ ապագային համար: Աւելի՛ն, անհրաժեշտ է, որ Եւրոպական Միութիւնը ճնշում գործադրէ ազրպէյճանի վրայ` ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերիները: Հայ Դատի գրասենեակը պատրաստ է համագործակցելու Եւրոպական Միութեան կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ` նպաստելու Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն եւ բարգաւաճ ապագային»: