Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներուն Ծիրէն Ներս Յունաստանի Մէջ Սկսաւ Հ.Կ.Խաչի Արիւնա­տուութեան Արշաւը

Հայաստան, Սփիւռք

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն ծի­րէն ներս Հ.Կ.­Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան Ա. փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ, ­Կի­րա­կի, 31 Մարտ 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-էն մին­չեւ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 14:00, Ֆիք­սի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԱՏ ՕՐ»-ը։

­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ներ­կայ ե­ղան Ֆիք­սի ա­կում­բը, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Կ.­­Խա­չի կո­չին: Միութեան ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան բժիշկ­նե­րու խում­բին հետ սի­րով կ­’ըն­դու­նէին կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն ապա պա­տաս­խա­նա­տու բժիշ­կը խիստ քննու­թե­նէ կ­’ան­ցը­նէր կա­մա­ւոր­նե­րը, որ­պէս­զի բո­լոր ա­ռող­ջա­պա­հա­կան օ­րէնք­նե­րը յար­գո­ւին:

­­Կա­րե­լի ե­ղաւ 24 հո­գիէ ա­րիւն ստա­նալ, հա­կա­ռակ որ ներ­կա­նե­րու թի­ւը ա­ւե­լի բարձր էր, սա­կայն ա­ռող­ջա­պա­հա­կան տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով՝ մաս մը մեր­ժո­ւե­ցաւ: Ս­տա­ցո­ւած ա­րեան քա­նա­կը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Է­վան­կե­լիզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­կար­գի՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ա­նու­նին պահք դրո­ւած ա­րեան պա­հես­տա­նո­ցին։

­Ա­րեան նո­ւի­րա­բե­րու­մը թան­կա­գին գոր­ծըն­թաց մըն է, որ Հ.Կ. Խա­չը, գի­տակ­ցե­լով ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, իր մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծրա­գի­րին մէջ կը նե­րառ­նէ ա­մէն տա­րի, յու­սա­լով որ պի­տի կա­րո­ղա­նայ օգ­նու­թեան հաս­նիլ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, երբ որ կա­րի­քը ստա­ցո­ւի:

Ն­շենք, թէ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ա­ռի­թը չու­նե­ցան ե­րէկ ներ­կայ ըլ­լա­լու Ֆիքսի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» ա­կում­բը, կրնան մաս­նակ­ցիլ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւի երկ­րորդ փու­լին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կի­րա­կի, 7 Ապ­րիլ 2024-ին, Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-էն մին­չեւ 2: