Իսրայէլի Ոստիկանութիւնը Ապօրինի Տեղահանում Սկսած է «Կովերու Պարտէզ»-էն․ Հաղորդագրութիւն

Աշխարհ, Սփիւռք

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ապօրինի տեղահանում սկսած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան յայտնի «Կովերու պարտէզ» կալուածէն: Այս մասին դիւանատան տարածած հաղորդագրութիւնը հասարակական ցանցի իր էջով ներկայացուցած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեան: Հաղորդագրութիւնը՝ ամբողջութեամբ․

«Այսօր, 3 Ապրիլ, 2024-ին, մօտաւորապէս ժամը 11:00-ին, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ապօրինի տեղահանում սկսած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածէն՝ ոչնչացնելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի գոյքը, եւ յարձակելով հոգեւորականներու եւ տեղացի հայերու վրայ:

Վտարումը կը ղեկավարէր Ասաֆ Հարէլ անուն սպան:

Երբ սպաներու խումբէն պահանջուած է հայ հոգեւորականներուն եւ տեղացի հայերուն բռնի տեղահանելու, վտարելու, գոյքը ոչնչացնելու մասին արտօնագիր ներկայացնել, վերջիններս որեւէ արտօնութիւն կամ դատարանէն որոշում չեն ներկայացուցած եւ շարունակած են պաշտպանել ու աջակցիլ Xana Gardens-ի ներկայացուցիչներուն՝ Հայոց Պատրիարքարանի գոյքը ոչնչացնելու համար:

Ապօրինի գործուղութիւնները դադրեցնելու փորձի ընթացքին՝ քանի մը ոստիկան շարունակաբար յայտրարած են, թէ եկած են արտօնագիրով, սակայն բնաւ չեն ներկայացուցած յիշեալ արտօնագիրը եւ ըսած են. «Մենք այստեղ ենք՝ պաշտպանելու Xana Gardens-ի աշխատողներու իրաւունքները»:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Սուրբ Երկրի Սրբատեղեաց Պահապաններէն մէկն է եւ վերահսկողը Երուսաղէմի չորս թաղամասերէն մէկուն: Մենք կ’ակընկալենք ամբողջական պատշաճ գործընթաց, ինչպէս որ, իբր տրուած է բոլորին Երուսաղէմի մէջ եւ պատասխաններ կը պահանջենք Իսրայէլի ոստիկանութենէն եւ Իսրայէլի կառավարութենէն՝ այսօրուայ իրադարձութիւններուն անոնց մասնակցութեան համար:

Աներկբայ է, որ այսօրուայ սադրանքները Հայկական թաղամասի եւ անոր օրինական հողերու դէմ նախադէպ ստեղծելու փորձեր են: Մենք պիտի շարունակենք ամուր կենալ մեր դիրքերուն մէջ եւ պիտի հրաւիրենք ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը խաղաղ հայ քրիստոնեայ համայնքի նկատմամբ այս անվերջ ոտնձգութիւններուն վրայ:

ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ