Համահայկական Գիտաժողով՝ Նուիրուած Յովհաննէս Քաջազնունիին

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատին հետ համագործակցութեամբ կը նախատեսուի կազմակերպել համահայկական գիտաժողով՝ նուիրուած Յովհաննէս Քաջազնունիին:

Գիտաժողովին նպատակն է՝ ներկայացնել հայ ականաւոր ազգային-քաղաքական գործիչ Յովհաննէս Քաջազնունին որպէս ճարտարապետ:

Գիտաժողովին խորագիրն է՝
«Յովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ»

Գիտաժողովի անցկացման վայրը՝ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատի դահլիճ

Հասցէ՝ Բաղրամեան 17

Օրը՝ Հոկտեմբեր 15
Ժամը՝ 10.00-ին

Յայտերը ներկայացնել մինչեւ ս.թ. Սեպտեմբեր 1:
Մանրամասներու համար կրնաք զանգահարել.

Հեռ:՝ 010-56-15-06, 010 53-39-49
Ել. հասցէ՝ Hayastan@hamazkayin.com , info@armarch.am