Սեբաստիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Վաճառքի Հանուած է
Վերջերս Սեբաստիոյմ (թրք․ պաշտօնական անուանումը՝ Սվազ) վաճառքի հանուած է Հաֆիք գաւառի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին։ Այդ դէպքին վերաբերեալ Ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութեան (DEM Parti) Մարտինի պատգամաւոր Ժորժ Ասլանը հարցում ուղարկած է թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյին։ Այս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքէջը։
Աղբիւրին համաձայն՝ Ասլանի հարցման մէջ մասնաւորապէս նշուած է․
«-Դուք տեղեկութիւն ունի՞ք եկեղեցւոյ՝ համացանցի միջոցով վաճառքի հանուելուն մասին, որ արտացոլուած է մամուլով։
-Ճի՞շդ է այն ենթադրութիւնը, թէ վերոյիշեալ եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի հասարակ անձի մը։ Եթէ ճիշդ է, ուրեմն ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պայմաններով եկեղեցւոյ սեփականութեան վկայականը տրուած է անձի։
-Քանի՞ եկեղեցի եւ վանք կայ, որոնց սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Ձեր նախարարութեան։ ԱԶԿ-ի իշխանութեան ժամանակաշրջանին անձերու անցած կամ վաճառքի հանուած եկեղեցիներու եւ վանքերու թիւը քանի՞ է։
-Որեւէ աշխատանք կը կատարէ՞ք՝ եկեղեցիներու, վանքերու եւ կրօնական այլ հաստատութիւններու՝ անձերու կողմէ վաճառքը արգիլելու ուղղութեամբ։
-Աշխատանքներ կը կատրուի՞ն կամ պիտի կատարուի՞ն՝ սեփականութեան իրաւունքը անձերու տրուած եկեղեցիներու եւ վանքերու տէրերու դէմ՝ այդ կրօնական հաստատութիւնները վերադարձնելու ուղղութեամբ»։
Թրքերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեան-ը
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը