Հայ Ժողովուրդի Փրկութեան Միակ Ճանապարհը Դիմադրութիւնն է. Մուրատ Փափազեան (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան hayeli.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է այսօր Հայաստանին սպառնացող վտանգներուն, Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութեան, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին փոխանցած իր մտահոգութիւններուն։

Հայաստանը քիչ թէ շատ պաշտպանելու կարողութիւն դաշնակիցներէն ունի միայն Ռուսիան. ասած է Մուրատ Փափազեան:

«Ես Մաքրոնին հարցուցած եմ, եթէ Հայաստանի դէմ թուրքիան ու ազրպէյճանը որոշեն զէնքով գալ, Եւրոպան պիտի պաշտպանէ՞, Ֆրանսան պիտի պաշտպանէ՞, Ամերիկան պիտի պաշտպանէ՞, հիմա գետնի վրայ, կապ չունի փրոռուս ըլլանք, հակառուս ըլլանք քիչ թէ շատ պաշտպանելու կարողութիւնը դաշնակից Ռուսիան է»,– ըսած է Մուրատ Փափազեան։

Ըստ անոր՝ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի ծախսած քարոզչական միլիոնաւոր գումարները, առանց չափազանցելու իրենք 0-ի հաւասարցուցած են։

«Ֆրանսայի նախագահը, վարչապետը , բոլոր կուսակցութիւնները միակամ են հայերու եւ Հայաստանի, Արցախի ժողովուրդի խախտուած իրաւունքներու հարցով։ Օրերս կայացած է խորհրդաժողով, որուն մասնակցած են Ֆրանսայի իշխանութիւնները, բազմաթիւ պատգամաւորներ, ուր բարձրացուած է Հայաստանի ու Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք ստեղծուած իրավիճակը՝ ըստ առաջնահերթութիւններու»,- նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը։

Անոր տեղեկութիւններով՝ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը գնահատուած է իբրեւ ցեղական զտում, բարձրացուած է Արցախի ժողովուրդի վերադարձի հարցը՝ միջազգային մեքենականութիւններով , միջազգային պաշտպանութեան ներքոյ, նշուած, որ կարելի չէ ստիպել հայ ժողովուրդին՝ աշխարհաքաղաքական ծանր իրավիճակի մէջ, կայացնել որոշում ու կատարել ընտրութիւն՝ Ռուսիոյ եւ թուրքիոյ միջեւ։

Մուրատ Փափազեան յիշեցուցած է , որ նման ընտրութեան առջեւ հայերը եղած են 100 տարի առաջ եւ ստիպուած եղած են ընտրել Ռուսիան։ Եւ այսօր նոյն ընտրութեան առջեւ են։ Գործիչը արձանագրած է, որ Փաշինեանն ու ալիեւը ունին համաձայնութիւն՝ վախցնելու հայ ժողովուրդը պատերազմով ու ստիպելու ընել ընտրութիւն, որ 4-5 տարի անց պիտի յանգեցնէ այն իրավիճակին, որ Հայաստանի ողջ տնտեսութիւնը պիտի ըլլայ թուքիոյ եւ ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։

Ան կոչ ըրած է հայ ժողովուրդին ծունկի չգալու եւ պայքարելու՝ հեռացնելու ապազգային իշխանութիւնները եւ ուշադրութիւն հրաւիրած է, որ ինքը, ապրելով Եւրոպայի մէջ, չի հակադրեր ռուսամետութիւնը եւրոպամետ ըլլալուն։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով