«Օսքար»-ի Արժանացած Կարճամեթրաժ Վաւերագրական Ժապաւէնին Մէջ Կայ Դրուագ` պաքուի Հայերու Ջարդերուն Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԶԴԱԿ»

Այս տարուան «Օսքար»-ին «Լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէն» ճանչցուած է «Վերանորոգման վերջին արհեստանոցը» (The Last Repair Shop) շարժանկարը, որուն մէջ դրուագ կայ պաքուի մէջ ապրած հայերու մասին:

Ժապաւէնին գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան Լոս Անճելըսի մէջ: Անիկա կը պատմէ  չորս նուիրեալ արհեստաւորի մասին, որոնք կ՛աշխատին արհեստանոցին մէջ եւ կը վերանորոգեն ուսանողներու աւելի քան 80,000 երաժշտական գործիքներ: Ժապաւէնին հերոսները, աշխատանքէն զատ, կը պատմեն նաեւ իրենց ծանր ճակատագրերուն մասին:

Հերոսներէն մէկը արհեստանոցի տնօրէն Սթիւ Բաղմանեանն է: Ան ծնած եւ մեծցած է պաքուի մէջ, բայց 1987-88 թուականներէն ետք ազրպէյճանի մէջ սկսած են տեղի բնակիչ հայերու նկատմամբ հալածանքները, ջարդերը: Ան պատմած է պաքուի մէջ հայերու ջարդերէն առաջ Խորհրդային ազրպէյճանէն փախչելու մասին:

«Ես փոքրիկ հայ տղայ էի, որ կ՛ապրէր պաքուի մէջ… Ծնողներս չէին կրնար պատկերացնել, թէ որեւէ վատ բան կրնայ տեղի ունենալ, որովհետեւ մենք ունէինք ընկերներ, հարեւաններ, որոնց հետ կողք կողքի ապրեր ենք այդքան տարի: Եւ ոչ ոք կը մտածէր, որ պատերազմ կը սկսի: 1986-1987 թուականներուն բոլոր հայերը սկսան վռնտել պաքուէն: Օրէ օր աւելի դժուար կը դառնար: Մենք կը հաւաքուէինք միասին դուրսը, մեր շէնքերու մօտ, խարոյկ կը վառէինք եւ ամբողջ գիշեր կը հսկէինք մեր տուները: Սակայն ամէն օր աւելի քիչ մարդ կը մնար մեզի հետ, որովհետեւ ամէն օր աւելի վտանգաւոր կը դառնար, եւ մարդիկ կը վախնային ապրելէ այնտեղ:

Հայրս լաւատես էր, կ՛ըսէր. «Սթի՛ւ, ես ոչ մէկ տեղ պիտի երթամ, ես ոչ մէկուն վատ բան ըրած եմ, որ մեզ նեղացնեն: Մենք կ՛ապրինք Խորհրդային Միութեան մէջ, եւ մեր կառավարութիւնը թոյլ չի տար, որ նման բան պատահի»: Ան խելացի մարդ էր, բայց սխալեցաւ: Զայն սպաննեցին աշխատանքի վայրին մէջ:

Ես քսան տարեկան էի, պէտք էր վերցնէի մայրս ու հեռանայի այնտեղէն: Ուստի ուղղակի փակեցինք դուռը, ամէն ինչ ձգեցինք: Օդակայան հասնիլը հեշտ չէր, քանի որ հայու տեսք ունիս, ու մարդիկ կրնան փողոցին մէջ կանգնեցնել քեզ եւ վնասել: Բայց իմ ազրպէյճանցի ընկերները մեզ հասցուցին օդակայան եւ մարդկային միջանցք ստեղծեցին այնտեղ, որ անցնինք, պատմած է Բաղմանեանը` չկարենալով զսպել յուզմունքը:

Այնուհետեւ ան խօսած է Ամերիկա տեղափոխուելու եւ այնտեղ դաշնամուրով հրապուրուելու մասին:

Շարժանկարի բեմադրիչներն են Պեն Փրատֆութը եւ Քրիս Պոուըրսը:

2024 թուականի Փետրուար 16-ին ժապաւէնը ցուցադրուած է Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ աւելի քան 700 անգամ: