Թաթոյեանը Լոնտոնի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Փաստերով Ներկայացուցած է Արցախի ու ՀՀ Դէմ պաքուի Վայրագութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Երէկ Լոնտոնի հայկական Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ հիմնական բանախօս, մասնակցեցայ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի թեմի հովանիի ներքոյ կազմակերպուած բարձրաստիճան համաժողովին։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան:

Փաստերով ներկայացուցած եմ Հայաստանի սահմանային քաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչներուն ազրպէյճանի դիտաւորեալ պատճառած տառապանքները` մարդիկ զրկուած են բնականոն ու անվտանգ կեանքէ, եկամուտ վաստակելու հնարաւորութենէ, սեփականութենէ եւ այլն:

Քննարկուած են Արցախի նկատմամբ 2023թ. Սեպտմբեր 19–20-ի ազրպէյճանական զինուած յարձակումներուն ռազմավարութիւնը, ցեղական զտումներու, մարդոց սպանութիւններու եւ այլ դաժանութիւններու հարցեր: Բարձրացուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն արժանապատիւ, անվտանգ ու ապահով վերադարձի հարցը:

Անդրադարձած եմ հայերու դէմ ազրպէյճանի ռասիզմի եւ թշնամանքի, հայկական ինքնութեան ոչնչացման շարունակուող պետական քաղաքականութեան:

Համաժողովին բանախօս էր նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ Լորտ Ալթոնը։ Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս Հրաչ Չիլինգիրեանը (Hratch Tchilingirian) եւ ցեղասպանագէտ Էւելինա Օխապը ղեկավարեցին քննարկումները:

Համաժողովին մասնակցեցան նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ միջազգային փորձագէտներ, Լոնտոնի հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի հայոց թեմի (Diocese of The Armenian Church of the United Kingdom & Ireland) առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը (Hovakim V Manukyan) եւ Յոյն Ուղափառ Եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ թեմի Առաջնորդ, Եւրոպական Եկեղեցիներու Համաժողովի նախագահ Նիգիդաս Արքեպիսկոպոս Լիլուլիասը:

Համաժողովը կազմակերպուած էր Գերաշնորհ Գրիգորիս եպիսկոպոս Պալաքեանի յիշատակին եւ նուիրուած էր Արցախի մէջ (Լեռնային Ղարաբաղ) ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղական զտումներուն, եւ բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներուն։