Աշխատանքը Սիրելու Գաղտնիքներ

Այլեւայլ

Այդքան ալ շատ չեն մարդիկ, որոնք կը զբաղին իրենց համար հաճելի աշխատանքով: Մեծամասնութիւնը կ՝աշխատի հոն, ուր կրցած է տեղաւորուիլ եւ ուր քիչ թէ շատ բաւարար վարձատրութիւն կայ: Սակայն, եթէ կ՝աշխատի եւ կ՝ատէ այդ աշխատանքը, ուրեմն մարդը երջանիկ չի կրնար ըլլալ եւ ասպարէզի մէջ աճ չի
կրնար ունենալ:

Աշխատանքը սիրելու խորհուրդներ.
Դրական կողմեր– Մարդկութիւնը այնպէս կազմաւորուած է, որ աւելի շատ կը կեդրոնանայ բացասականի վրայ, քան՝ դրականի: Սակայն կը պատահին այնպիսի դէպքեր, երբ դրական կողմերը աւելի շատ են, քան բացասականը, եւ աշխատանքը նոյնպէս կը մտնէ ատոր մէջ: Հաւանաբար դուք ամէն օր կ՝արթննաք առաւօտեան ժամը 6-ին եւ կը վերադառնաք ուշ երեկոյեան, սակայն միաժամանակ ունիք
բաւական բարձր աշխատավարձ, հետաքրքրական պաշտօն եւ հաճելի գործընկերներ: Գոյութիւն չունի աշխատանք, որ ունենայ միայն բացասական կամ միայն դրական կողմեր:

Որակաւորում– Ամենաշահաւէտ ներդրումները սեփական անձին մէջ եղածներն են: Կանոնաւոր կերպով բարձրացուցէք ձեր որակաւորումը, զբաղեցէք ինքնազարգացումով եւ կրթութեամբ: Այդ ժամանակ աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլայ աշխատիլը:

Յանձնառութիւն– Իւրաքանչիւր գործի մէջ անհրաժեշտ է ոչ միայն ստանալ, այլեւ՝ տալ: Տալով սեփական գիտելիքները եւ ժամանակը աշխատանքին, դուք կը ստանաք նիւթական հատուցում: Եթէ աշխատանքը կը սիրէք, ուրեմն ինչո՞ւ աւելի շատ չներդնել անոր մէջ: Փոխարէնը դուք առաջ կ՝երթաք ասպարէզի աստիճանով, կը լաւացնէք ձեր նիւթական վիճակը եւ կ՝ունենաք նոր ու հետաքրքրական
ծանօթութիւններ:

Հանգիստ– Աշխատանքով զբաղելով մի՛ մոռնաք հանգիստի մասին: Եթէ կը զգաք, որ յոգնած էք, ելէք եւ թեթեւ մարզանք ըրէք: Մի անտեսէք ընդմիջումը, որուն ժամանակ դուք կրնաք ոչ միայն սնուիլ, այլեւ՝ զբօսնել: Մի մոռնաք քունի մասին, երբ մարդը լաւ կը քնանայ՝ աւելի լաւ եւ հաճոյքով կ՝աշխատի: Արձակուրդի ժամանակ մի մտածէք աշխատանքի մասին, պարզապէս վայելեցէք հանգիստը:

Պատճառ եւ հետեւանք– Եթէ ղեկավարութիւնը դժգոհ է ձեզմէ, պարզեցէք պատճառը: Հնարաւոր է ձեզի ուղղակի կը համարեն անբարեխիղճ աշխատող: Եթէ այդպէս է, աւելի ջանասիրաբար աշխատեցէք, լաւացուցէք ձեր արդիւնքները եւ մի թաքցնէք զանոնք, որպէսզի ղեկավարութիւնը տեսնէ: Եթէ նկատողութիւնները ձեզի անարդար կը թուին, խօսեցէք ղեկավարի հետ, հաւանաբար ստանաք աւելի յստակ պատասխան եւ օգտակար խորհուրդներ:

Սակայն եթէ…

Եթէ դուք այդպէս ալ չկրցաք սիրել ձեր աշխատանքը, կամ դուք ձեզ չէք տեսներ այդ պաշտօնին վրայ, ուրեմն պէտք է մտածէք զայն փոխելու մասին: Մի վախնաք այդ քայլը առնելէ, ամենայաջողակ մարդիկ անգամ՝ իրենց տեղը գտնելու համար՝ դիմած են նման քայլի: Զբաղեցէք ձեզի համար հետաքրքրական աշխատանքով,
բաց եղէք առաջարկներու համար, փորձեցէք նորը: Այդ պարագային ձեր տեղը պիտի գտնէ ձեզ: