Ակնարկ. Պրիւքսելի Դիմումը Երեւանին Կամ Քայլի Ակնկալութիւն Յայտարարութեան Դիմաց․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Երեւան-Մոսկուա եւ Երեւան-Պրիւքսել ուղղութիւններով խաղաթուղթերը մէկ առ մէկ բանալու ընթացքը արագ է: Այդ չի նշանակեր սակայն, որ խաղաթուղթերու բացման արագութեամբ գործընթացներն ալ կ՛իրականանան:

Մեծ պատկերը պէտք է կարենալ տեսնել` հասկնալու համար, որ օրակարգը ոչ թէ Հայաստանը Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելուն կը վերաբերի այս փուլին, այլ փուլ առ փուլ ռուսական տիրոյթ թափանցելու եւ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրութիւնը փոխելու:

Կարելի է արձանագրել, որ այդ աշխարհագրութիւնը որոշ առումով փոփոխութեան ենթարկուած է արդէն, յատկապէս Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Սուրիոյ օրինակները նկատի ունենալով: Նկատելին եւ հասարակ յայտարարը այս բոլորին այն է, որ այդ փոփոխութիւնը ցնցումներով եւ պատերազմական գործողութիւններով կ՛իրականանայ:

Վրաստանն ու Ուքրանիան կը կորսնցնեն տարածքներ: Կը փոխուին սահմաններ, եւ փուլ կու գայ տարածքային ամբողջականութիւնը: Սուրիոյ պարագային կը ներխուժեն այլ ուժեր, կը յառաջանան նոր ռազմակայաններ, նոր յենակէտեր եւ ռուսական ազդեցութեան մենաշնորհեալ կարգավիճակը վերջ կը գտնէ տեղի տալով թրքականին, իրանեանին, ամերիկեանին եւ քրտականին:

Ռուսական ներկայութեան դէմ ընթացող պատերազմները երրորդ երկրի տարածքով արձանագրուող գործողութիւններ են: Արեւմուտքը այս պարագային աջակցող է, քաջալերող, հրահրող, խոստումներ յայտարարող:

Այս շարքին եւ այս տրամաբանութեան մէջ ալ պէտք է դիտարկել Պրիւքսելէն հնչող յայտարարութիւնները, որդեգրուած բանաձեւերը կամ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց յանձնաժողովներու հրապարակումները:

Այդ բոլորը կ՛ընթանան զուգահեռ Երեւանէն հնչող յայտարարութիւններուն` ՀԱՊԿ-ի անդամակցութեան սառեցումէն, Մոսկուայի դիրքորոշումէն ետք ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը վերանայելու յայտարարութենէն մինչեւ «Զուարթնոց»-ի օդակայանէն ռուսական սահմանապահ ուժերու հեռացման պահանջ:

Հիմա գանք եւրոպական արագութեան:

13 մարտին Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւ  ընդունեց` կոչ ուղղելով աջակցելու Երեւանի ձգտումին` Եւրոպական Միութեան անդամի թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար:

Այս բանաձեւի որդեգրման նախորդած էին Երեւանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պատրաստակամութեան մասին կատարուած յայտարարութիւնները:

Բառացիօրէն այս բանաձեւի ընդունումէն երկու օր ետք Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչը արձագանգեց. «Հայաստանը կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու դիմում ներկայացնել»: Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարին թոյլատրուած էր յայտնապէս նման յայտարարութիւն կատարել: Սկզբունքով եւ իրաւականօրէն դիմում ներկայացնելու կամ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար ընթացակարգային տարբեր փուլերէ անցած պիտի ըլլար Երեւանը եւ ստանար իւրաքանչիւր փուլի համար եւրոպական համապատասխան կառոյցներու գնահատականը:

Թիւրիմացութեան մէջ չիյնանք սակայն: Յայտարարութիւնները արագ են եւ ոչ թէ ընթացակարգը այս պահուն: Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը կ՛աւելցնէր, որ հետագայ որոշումը` թեկնածուի կարգավիճակի ընդունման, կախեալ է Եւրոպական Միութեան երկիրներու միաձայն որոշումէն:

Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտովան բաւական երկար սպասեցին այդ կարգավիճակի ապահովման համար: Տարբեր չի կրնար ըլլալ Երեւանին համար եւս: Չմոռնանք, որ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան ազատականացման երկխօսութեան ընթացակարգը տակաւին ճամբայ չէ ելած: Հիմա Պրիւքսելը արդէն կը յայտարարէ, որ Երեւանը կրնայ դիմում ներկայացնել անդամակցութեան:

Թէ՛ նախադէպերը, թէ՛ տարածաշրջանային հանգամանքները եւ թէ՛ կատարուածին յայտարարողական բնոյթը մտածել կու տան, որ Պրիւքսելը իր յայտարարութիւններուն դիմաց գործնական քայլեր կ՛ակնկալէ Երեւանէն, Մոսկուայէն հեռանալու ուղղութեան որդեգրումով:

Այլ խօսքով, յայտարարութեան դիմաց գործնական քայլ: Եւ այս առումով Պրիւքսելն է, որ դիմում կը կատարէ Երեւանին հեռանալու Մոսկուայէն կամ հեռացնելու Ռուսիոյ դաշնութիւնը իր տարածքներէն: