Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն Ի Վիրապ Տօնը՝ Հալէպի Համանուն Վերանորոգուած եւ Վերօրհնուած Եկեցեղւոյ Մէջ

Սփիւռք

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ տօնը հանդիսաւոր Պատարագով յիշատակուեցաւ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վերանորոգուած եւ վերօրհնուած եկեղեցւոյ մէջ, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան: Յետ երկրաշարժին վերանորոգուած եւ վերօրհնուած եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի, եկեղեցական նոր շապիկներով հանդէս եկաւ եւ հոգեպարար երգեցողութեամբ տարբեր փայլք տուաւ արարողութեան։ Հայր Սուրբը խաչափայտի մասունք պարունակող Ս. Խաչով ջրօրհնէք կատարեց, հայցելով, որ օրհնուած ջուրը բժշկէ հիւանդները եւ փարատէ անոնց ցաւերը։

Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ նշեց, թէ այսօր եզակի օր է, որովհետեւ գալստեան երկու տօներ կը զուգադիպին նոյն օրուան մէջ։ Առաջինը՝ Տիրոջ առաջին եւ երկրորդ գալուստը, իսկ երկրորդը՝ քրիստոնէական հաւատքին եւ ճշմարիտ կրօնքին Հայաստան աշխարհ գալուստը։

Հայր Սուրբը դիտել տուաւ, որ Գալստեան Կիրակին առիթ է խորհրդածելու մեր վարած կեանքին մասին եւ մեր մտքին մէջ ունենալու Աստուծոյ ահաւոր դատաստանին հեռանկարը։

Հայր Սուրբը անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի կեանքին, անոր անդրդուելի հաւատքին, կրած չարչարանքներուն եւ 13 տարի խոր վիրապին մէջ աղօթքով եւ յոյսով Տիրոջ սպասելուն, աղօթեց, որ հայրապետին հաւատքի լոյսը շողայ իւրաքանչիւրիս թանձրացած եւ խաւարած միտքերուն, հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ։

Հայր Սուրբը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմի ժողովականութեան անունով շնորհաւորեց Գրիգոր անունը կրողները եւ գնահատեց եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը, աղքատախնամը, տիկնաց եւ քարոզչական յանձնախումբերը, դպրապետը, սարկաւագներն ու դպիրները՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար:

Ապա, Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Արքութեան տիտղոսին արժանանալուն ուրախ առիթով եւ քաջառողջութեամբ ու արեւշատութեամբ լեցուն օրեր եւ երկար տարիներու ծառայութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր եւ Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատարագիչ Հայր Սուրբին։

Աւարտին, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: