Երաժշտութիւն՝ Սուրբ Կիրակոսի Կամարներուն Ներքեւ

Աշխարհ, Էրկիր

«ԱԿՕՍ»

Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ վե­րանո­րոգու­մը միայն տա­ճարի մը վե­րակեն­դա­նացու­մէն աւե­լին կը խորհրդան­շէ։ Եր­կար տա­րիներ ան­տէ­րու­թեան մատ­նո­ւած եկե­ղեց­ւոյ ի հի­մանէ վե­րակա­ռու­ցե­լու գա­ղափա­րը զա­նազան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ տա­րակու­սանքով դի­մաւո­րուած էր։ Կ՚ըսէին թէ ին­չի՞ կը ծա­ռայէ ժո­ղովուրդ չու­նե­ցող եկե­ղեցիի մը կա­ռու­ցումը։ Այս հար­ցումը եր­կու հե­տեւանք ու­նե­ցաւ։ Նախ տե­սանք թէ եկե­ղեցիի վե­րաբա­ցու­մով ի յայտ եկան եւ հա­մախմբո­ւեցան բազ­մա­թիւ հա­յեր, որոնք նա­խապէս ամ­բողջո­վին տա­րան­ջա­տուած էին։

Այս յաղ­թա­նակ էր եկե­ղեցին վե­րակեր­տե­լու ուխտած­նե­րուն հա­մար։ Յա­ջոր­դող քա­նի մը տա­րինե­րուն Ամի­տա մատ­նուեցաւ քա­ղաքա­ցիական կռիւ­նե­րու աւե­րին։ Այդ դժբախ­տութե­նէն իր բա­ժինը ստա­ցաւ նաեւ Սուրբ Կի­րակոս Տա­ճարը։

Այս ան­գամ աւե­րը եւ սրբապղծու­թիւնը կա­սեց­նե­լու հա­մար աւե­լի լուրջ նե­րուժ մը կար քա­ղաքին մէջ, որու հե­տեւան­քով կա­տարո­ւեցաւ եկե­ղեց­ւոյ նո­րոգու­թիւնը եւ օծու­մը։

Հի­մա այ­լեւս Սուրբ Կի­րակո­սը թէ՛ աղօ­թատե­ղի է, թէ՛ մէկ­տեղման վայր եւ թէ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն։ Այսպէս հա­յազ­գի եր­գա­հան ու երա­ժիշտ Ստե­փան Եփ­րե­մեան յա­տուկ հա­մեր­գով մը ներ­կա­յացուց հայ երաժշտու­թե­նէ ըն­տիր նմոյշներ։

«Ար­գի­լուած Սե­րենատ» խո­րագի­րով հա­ղորդման ըն­թացքին պաս­տա­ռին վրայ ցո­լացին նաեւ վեր­ջին տա­րինե­րու հա­մահայ­կա­կան ապ­րումնե­րէ քա­ղուած տե­սանիւ­թեր, որոնք ալ աւե­լի փայլ տո­ւին Կո­միտաս Վար­դա­պետի, Սա­յաթ Նո­վայի եւ Արամ Տիգ­րա­նի գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցած երաժշտա­կան համերգին։