Բացուինք Մեր Մամուլի՛ Ճամբով․ Վրէժ-Արմէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեր ինքնամեկուսացման վերջ տալու առաջին ու լաւագոյն ճանապարհը մեր մամուլն է: Կ՛անդրադառնանք այդ ինքնամեկուսացման հետեւանքներուն, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մեր իրաւունքները պաշտպանելու եւ աշխարհի մէջ մեր տեղը ապահովելու տեսակէտէն ետ կը մնանք, կը ձախողինք, բայց այդ կացութենէն դուրս գալու լուծումները չենք գտներ:

Այո՛, կը նշենք, որ անհրաժեշտ է դուրս ելլել մեր խոզակէն, մասնակի՛ց ըլլալ մեր բնակած երկիրներու կեանքին եւ այլն, սակայն չենք մտածեր, թէ առաջին հերթին մենք պարտաւոր ենք ճանչնալ այդ կեանքը, հետեւիլ անոր վերիվայրումներուն, գիտնալ թերիներն ու առաւելութիւնները` կատարելու համար մեր ներդրումը, ունենալու համար մեր ազդեցութիւնը եւ ի հարկին զայն ուղղորդելու համար դէպի հայութեան ու Հայաստանի ի նպաստ կեցուածքներու,  դիրքորոշումներու, գործնակա՛ն արարքներու:

Մեր մամուլը, խօսքս ընդհանրապէս հայ մամուլին մասին է, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ դաշնակցական մամուլը, ազգակեդրոն է, հայակեդրոն է: Ի հարկէ այդպէս ալ ըլլալու է, առաջին հերթին, այլապէս ինչո՞ւ կայ, սակայն այդ բաւարար չէ:

Պէտք է բացուի՛լ:

Կը գրենք, որ անհրաժեշտ է մասնակից ըլլալ երկրի մը քաղաքական եւ ոչ միայն քաղաքական կեանքին, յաջողիլ երեսփոխաններ ընտրել տեղական, շրջանային, թէ կեդրոնական մակարդակներու վրայ: Կ՛ուրախանանք, երբ հայորդիներ անուն կը վաստկին գիտական, մշակութային, թէ մարզական ոլորտներու մէջ: Սակայն չենք անդրադառնար, որ այդ իրագործումները պատահական ճիգերու արդիւնք չեն ըլլար: Յաճախ անհատական ճիգը  ընկերական զրոյցներով ու մեծ դժուարութիւններով, ի գին մեծ զոհողութիւններու կ՛իրականանան, նոյնիսկ` ի գին ենթականերուն հայութենէն ու հայ կեանքէն ալ հեռացման: Մինչդեռ, եթէ ըլլային հաւաքական ճիգերու ճամբով, ծրագրուա՛ծ ձեւով, շատ աւելի արագ ու շատ աւելի տարածուն կ՛ըլլային եւ աւելի կը նպաստէին նաեւ հայութեան:

Այդ հաւաքական ճիգը մշակելու աշխատանքին մէջ է ահա, որ մամուլը կրնայ դերակատար ըլլալ` չմնալով միայն հայակեդրոն:

ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մեր զարթօնքը տեղի չէր ունենար` առանց հայ մամուլի ներգործութեան: Իսկ այդ ներգործութիւնը ի՞նչ էր, եթէ ոչ ժամանակի յառաջդիմական գաղափարներու ներարկումը հայութեան` զայն ձերբազատելու համար դարերու զարգացուցած ստրկամտութեան ճիրաններէն:

Այսօր ալ ի սփիւռս աշխարհի, թէ ի Հայաստան, եւ Հայաստան ըսելով` հասկնանք մեր բոլոր հայապատկան հողերը, մեր հասարակութիւնը նոյնպէս ենթակայ է նոր ժամանակներու ստրկացման ճնշումներուն` անձնակեդրոն դառնալու, նիւթապաշտ ըլլալու, յղփացած ապրելու, որոնց դժուար կարենանք ընդդիմանալ առանց հասկնալու, թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր շուրջ, ուրիշներ ի՛նչ կ՛ընեն այդ ուղղութեամբ:

Ճի՛շդ այդ հասկացողութիւնն է, որ պիտի մշակէ մեր մամուլը` նայած իր տարածային հանգամանքին:

Օրինակ, ի՛նչ կը կատարուի տեղ մը փոքրամասնութիւններու` իրաւունքներուն ի պաշտպանութիւն լեզուական, ուսումնական, առողջապահական, բնակութեան, երթեւեկի եւ այլազան մարզերու մէջ: Կամ` կիներու իրաւունքներու տեսակէտէն: Ի՞նչ քայլեր կ՛առնուին բանուորներու ընկերային-տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու համար: Ի՞նչ կը կատարեն բնութեան պահպանման ի խնդիր: Ինչպէ՞ս կը հաղորդակցին դրացի կամ ոչ դրացի երկիրներ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մինչեւ իսկ ռազմական առումով: Գաղափարական ի՞նչ խմորումներ տեղի կ՛ունենան երկրին մէջ, տարածաշրջանին մէջ, թէ միջազգային գետնի վրայ: Այդ գաղափարները ուրկէ՞ կը ծագին, ինչպէ՞ս կը կիրարկուին, ինչպէ՞ս կը շահագործուին: Ի՞նչ ուղղութիւններով կը զարգանայ արուեստը: Ի՞նչ նուաճումներ կ՛արձանագրէ գիտութիւնը: Ի՞նչ յաղթանակներ ձեռք կը ձգուին մարզական աշխարհին մէջ: Եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն:

Կը հետեւի՞նք այս բոլորին: Կ՛երգենք «…կամաւոր բանակ…»: Ունի՞նք այդ կամաւոր բանակը, որ հետեւի, արձանագրէ, արխիւացնէ, հակազդէ: Մամուլով, թէ այլապէս:

Այո՛, այս բոլորը իրենց մնայուն տեղը ունենալու են հայ մամուլին մէջ` մե՛ր փորձագէտներուն, մասնագէտներուն վերլուծութիւններով ու այլոց ալ վերլուծութիւններու թարգմանութիւններով: Մանաւանդ` լուծումներու առաջադրութեամբ: Այն ուրիշ, թէ այդ տեսակէտէն աղքատիկ ենք նոյնիսկ հայ կեանքի խնդիրներու պարագային, բայց այդ ալ քննարկման ուրիշ նիւթ է: Մնայուն տեղը` բանաւոր, թէ գրաւոր, տպագիր, թէ առցանց մամուլին մէջ եւ այլազան հարթակներու վրայ: Տակաւին չեմ նշեր մեր ժողովներու դաստիարակչական յայտագրերը, մեր հրապարակային բանախօսութիւնները, որոնք նոյնպէս, ձեւով մը հասարակութեան զարգացման հարթակներն են: Հայերէն ու տեղական լեզուներով: Գաղութէ գաղութ փոխանակումներով: Առաւելագոյն տարածումով:

Այն ատեն տեսնենք, թէ մեզի կարեւորութիւն կ՛ընծայե՞ն, թէ՞ ոչ, մեր խօսքը տեղ կը հասնի՞, թէ՞ ոչ: Մանաւանդ մեր երիտասարդութիւնն ալ կը կարդա՞յ, կ՛ընկալէ՞ մեր խօսքը, թէ՞ ոչ…:

«Դրօշակ» թիւ 2, 2024