Յագեցած Առաւօտը Կը Փրկէ Ողջ Օրը․ Պաճառներ Արեւածագէն Առաջ Արթննալու Համար

Այլեւայլ

Այս պատճառները հաճելի պիտի թուին ձեզի, յատկապէս, եթէ դուք կրնաք կազմակերպել ձեր աշխատանքային օրը:

Բուերու եւ արտոյտներու պայքարը այնքան կրքոտ չէ, որքան մսակերներունն ու բուսակերներունը, բայց երբեմն նոյնպէս շատ դաժան է: Արտոյտները կ՝ըսեն, որ արեւածագը լաւագոյն տարբերակն է նոր բան սկսելու համար, իսկ բուերը վստահ են, որ միայն գիշերուան խաղաղութիւնը կը բացայայտէ ամբողջ ստեղծագործական ուժը: Ոչ ոք յստակ կրնայ ըսել, թէ ով է ճիշդ, բայց փորձենք առանձնացնել արտոյտներու ներկայացուցած պատճառաբանութիւնները, թէ ինչու պէտք է արթննալ արեւածագէն առաջ:

  1. Առաւօտեան դիւրին է կայացնել բարդ որոշումներ– Ըստ հոգեբաններու, կամքի ուժը, ինչպէս մեր մկաններուն ուժը, ունի որոշ վերջնական պահուստ: Օրուան ընթացքին անիկա աստիճանաբար կը սպառի, իսկ երեկոյեան, մեզմէ շատերը բացարձակապէս չեն ըլլար այնպիսի վճռական վիճակի մէջ, ինչպէս էին առաւօտեան: Այսինքն, եթէ ստիպուած էք կատարելու որեւէ բարդ, տհաճ, ձանձրալի խնդիր, ուստի պէտք է անիկա ընել առաւօտեան, քանի որ երեկոյեան պիտի ունենաք հարիւրաւոր եւ հազարաւոր պատճառներ զայն յետաձգելու կամ չեղեալ յայտարարելու համար:
  2. Վաղ առաւօտեան քիչ է ձանձրոյթը– Եթէ դուք կրնաք սկսիլ ձեր օրը իսկապէս կանուխ, նոյնիսկ այնքան կանուխ, մինչեւ ամբողջ քաղաքը կը սկսի իր խենթ մրցավազքը՝ պիտի տեսնէք, որ կը գտնուիք կախարդական քնացած թագաւորութեան մէջ: Դատարկ փողոցներ եւ զբօսայգիներ, խճողումներ եւ երկար շարքի սպասողներ չկան, հեռաձայնողներ չկան եւ յետագայ հանդիպման 501-րդ յիշեցումը նոյնպէս չկայ: Աշխարհը դեռ քնացած է եւ ձեզի կու տայ քանի մը թանկարժէք ժամ, ուր դուք կրնաք որեւէ բան ընել: Մի կորսնցնէք այս կախարդական ժամանակը:
  3. Առաւօտեան քիչ են գայթակղութիւնները– Առաւօտ կանուխ կ՝արթննաք եւ կը տեսնէք, որ հասարակական ցանցերուն վրայ կայ ընդամէնը 3 ծանուցում, ել-փոսթի միջոցով ոչ ոք նամակներ ուղարկած է ձեզի եւ անգամ սարսափելի նորութիւնները դեռ չեն անհանգստացներ: Առաւօտեան դուք չէք կրնար շեղիլ իրական կեանքէն, անգամ եթէ շատ ուզէք: Ճիշդ ժամանակն է սեփական գործերով, կամ, վերջապէս, սեփական մարմնով զբաղելու համար:
  4. Յագեցած առաւօտը կը փրկէ ողջ օրը– Եթէ վաղ առաւօտեան կարենաք կատարել ձեր առաջադրանքներէն գոնէ մէկը, ուստի դիւրութեամբ պիտի կատարէք նաեւ միւսները: Նաեւ, երեկոյեան պիտի ունենաք ազատ
    ժամանակ:
    Եթէ սկսիք աշխատիլ կէսօրին՝ ձեր ամբողջ օրը պիտի ընթանայ թոհուբոհի մէջ: Հաւանաբար, պիտի կատարէք քիչ առաջադրանքներ, պիտի չի հանգստանաք եւ ուշ պիտի քնանաք:
  5. Առաւօտեան ցած է ճնշուածութեան մակարդակը– Աւելի ճիշդ, ընդհանրապէս կը բացակայի: Ձեր մտքի վիճակը այդ պահուն կարելի է համեմատել հանգիստ ջուրի մակերեսին հետ, որ կ՝արտացոլէ արեւի առաջին ճառագայթները: Այս տրամադրութեամբ դիւրին է մտախոհութիւն ընել, զբաղիլ եոկայով եւ կեդրոնանալ գիրքեր ընթերցելու վրայ:
    Միանգամայն այլ պատկեր պիտի ըլլայ, եթէ դուք այդ նոյն գործողութիւնները կատարէք երեկոյեան կամ աշխատանքային ընդմիջումներուն ժամանակ:
  6. Դուք հնարաւորութիւն պիտի ունենաք հանգստանալու ցերեկը– Եթէ շատ կանուխ արթննաք եւ կատարէք ձեր բոլոր գործերը, ուստի կէսօրէ ետք պիտի ունենաք ազատ ժամանակ հանգստանալու համար: Իսկ ի՞նչը կրնայ աւելի հաճելի ըլլալ, քան համեղ ճաշէն ետք մաքուր խղճով պառկիլն ու քիչ մը հանգստանալը: