Պրիւքսէլ Արցախցիներու Վերադարձի Համապատասխան Պայմաններու Ստեղծումը Կարեւոր Կը Նկատէ

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական Միութիւնը Արցախի հայերու վերադարձին համար պայմաններու ստեղծումը եւ իրենց տուներուն մէջ ապահով, արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը կարեւոր կը նկատէ։ Այս մասին կ՛ըսուի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստին Եւրոպական դաշինքին անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

«Եւրոպական Միութիւնը հաւասարապէս կ՛ընդգծէ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ գաղթականներու ու տեղահանուածներու` Լեռնային Ղարաբաղ կամաւոր, ապահով, արժանապատիւ, կայուն վերադարձի համար պայմաններու ստեղծումը, մասնաւորաբար, իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը` առանց ահաբեկման կամ խտրականութեան»,- կը յայտնէ Եւրոպական Միութիւնը՝ շեշտելով նաեւ Արցախի բնակչութեան մշակութային ժառանգութեան, սեփականութեան իրաւունքներու արդիւնաւէտօրէն պաշտպանութիւնը եւ երաշխաւորումը:

«ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամաններու ամբողջական կատարումը շատ կարեւոր է»,- կը շեշտէ Եւրոպական Միութիւնը: