«Վանի Անհետացած Աշխարհը» Հատորին Գինեձօնը` Հայ Գիրքի եւ Գրականութեան Արժեւորման Առիթ

Սփիւռք

ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ

«Վանի անհետացած աշխարհը» հատորին գինեձօնը կազմակերպուած էր Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին կողմէ, գործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ «Արարատ Տան» «Էսքիճեան» թանգարանին, Համազգայինի, Իրանահայ եւ Իրաքահայ քոյր միութիւններուն, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, «Թէքէեան» մշակութային միութեան եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան (NAASR):

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 25 Փետրուարի երեկոյեան, Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ: Ներկայ էին միութեան անդամներ, բարեկամներ, համակիրներ, մամլոյ ծառայողներ, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, դաստիարակներ եւ գրասէրներու բազմութիւն մը:

Բացման խօսքը կատարեց միութեան Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, ապա ան հրաւիրեց օրուան հանդիսավարուհի Հիլտա Աճըիլաչը, որ փոխարինեց Ռոզալին Մատոյեանը:

Հանդիսավարուհին կանգ առաւ այս եւ նման ձեռնարկներու նպատակներուն վրայ եւ շեշտեց հայ գիրքի պահպանման, տարածման եւ հայ կեանքին մէջ անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Հանդիսավարուհին նաեւ հակիրճ կերպով խօսեցաւ ձեռնարկին շարժառիթին եւ հեղինակին մասին ու հրաւիրեց հեղինակը՝ սեղմ ուրուագիծով մը անդրադառնալէ ետք անոր վաստակին ու առանձնայատկութիւններուն` վեր առնելով հայ ազգային կեանքին մէջ անոր տարած գործունէութիւնը:

Հեղինակը՝ Յովսէփ Թօքաթ, երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երեկոն կազմակերպող եւ հարստացնող անձերուն եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ փոխանցեց Վան աշխարհին մասին: Այս ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը տարածաշրջանի աշխարհագրական, ազգագրական եւ մշակութային իւրայատկութիւնները ուսումնասիրած է՝ սկսելով հեթանոսական շրջանէն մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն։ Գիրքին նախաբանին մէջ, Թօքաթ կը նշէ, թէ Վանը իր սիրտին եւ յիշողութեան մէջ որքան մեծ տպաւորութիւններ թողած է՝ գրելով. «Պատմութեան գրականութեան մէջ որոնումներու ոդիսական մըն էր, որուն պտուղը եղաւ այս գիրքը»։

Ապա Յարութ Տէր Դաւիթեան եւ Յովսէփ Նալպանտեան վարեցին տպաւորիչ հարցազրոյց մը հեղինակին հետ:

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Յասմիկ Յարութիւնեան՝ իւրայատուկ եւ արդիական մեկնաբանութեամբ մատուցելով աշուղական եւ ժողովրդային երգերու գեղեցիկ փունջ մը:

Կատարուեցաւ գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագիրին մասնակցողները, ապա տոքթ. Աւետիքեան հեղինակին յանձնեց յուշատախտակ մը՝ առ ի գնահատանք իր գրի առած հատորին:

Ապա ներկաները վայելեցին հիւրասիրութիւնը եւ գնեցին հատորէն օրինակներ, զորս մակագրեց հեղինակը եւ որուն հասոյթը նուիրեց Van Charitable Fund-ին՝ ի նպաստ Հայաստանի կարօտեալ ուսուցիչներուն:

Այս գիրքը լուրջ մտաւորականի մը սիրայօժար եւ տքնաջան աշխատանքի դրոշմը կը կրէ, որուն համար ջերմապէս կը շնորհաւորենք հեղինակը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»