Ո՞ւր Կը Տանին, Ո՞ւր Կ՝երթանք, Ո՞ւր Պիտի Հասնինք․ Յակոբ Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ազգերն ամենից շատ տառապել իրենց տականքների երեսից:

Գարեգին Նժդեհ

            Ձմրան  շաբաթավերջ: Ցերեկ եւ գիշեր չեն զանազանուիր: Որոշած եմ այսօր համակարգիչիս նամակատուփը չբանալ, հայերէն եւ օտարալեզու թերթերը չընթերցել եւ փորձել ինքնուրոյն մտածել:

            Միթէ՞ հիւլէական պատերազմի եւ աղէտի նախօրեակը կ’ապրինք: Երրորդ Համաշխարհայինը սկսա՞ծ է:

            Վիճակագրութիւն սիրող մեր ժամանակակիցները ինչո՞ւ չեն ըսեր, թէ ամէն օր որ կ’անցնի քանի՞ զոհ կը խլեն ծանօթ-անծանօթ անուններով զէնքերը, քանի՞ հոգի սովամահ կ’ըլլայ, քանի գաղթական անհետ կը կորսուի ծովերու վրայ: Կը տեսնենք աւերուող քաղաքները, անտուն մնացողները: Այս բոլորը՝ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին վրայ են: Չենք տեսներ պատերազմի աղբով կեղտոտող բնութիւնը, դաշտերը, ծովերը, ռումբերու հուրով բնութեան ջերմացումը, որոնք կը սպառնան կեանքին:

            Արդիւնքը ինչո՞ւ չբաղդատել երկու համաշախարհայիններուն:

            Մոլորակի բնակիչն է տէրը մոլորակին, այս սկզբունք է: Բայց ան զրկուած է իր ճակատագիրը որոշելու իրաւունքէ, ուրիշներ այդ իրաւունքը իրենք իրենց շնորհած են եւ աւարի պէս իրարու մէջ բաժնած: Մարդը դադրած է հարցնելէ, թէ ո՞ւր կը տանին զինք, ինք ո՞ւր կ’երթայ, ո՞ւր հասնելու համար: Սպառողական քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը ընդարմացուցած են մարդը երգով, պատկերով, աղմուկով, անկարեւոր անհրաժեշտով, ինչպէս ծխախոտը, ձեռքի հեռախօսը, եւ այդպէս բաներ:

            Այդպէս ենք նաեւ մենք, ինչ որ դեռ կ’ըմբռնուի ՀԱՅ ԱԶԳ անուանումին ներքեւ:

                        Այսօր հեռաեսիլը «յեղափոխական» լուր մը հաղորդեց: Գաւառական փոքրիկ քաղաքի մը իշխանութինը արգիլած է փողոցէն քալողներուն իրենց ձեռքի հեռաձայնը գործածել: Մեզմէ իւրաքանչիւրը այդ քաղաքապետին չափ մտածած եւ խօսած է այս մասին, առանց հրաժարելու այդ գերութենէն: Դեռ չեմ խօսիր զոյգ հեռաձայն կրողներու մասին: Այդպէս կ’ըլլայ անկարեւոր կարեւորութիւնը:

            Պատմութեան հազարամեականերու ընթացքին թերեւս երբեք, համագումար, այսքան չէ խսօսուած եւ չէ գրուած չէ  իրաւունքի, արդարութեան, կեանքի եւ բնութեան պաշտպանութեան մասին, որքան այսօր: Գլխագիր կեղծիք: Բայց ոեւէ ժամանակէ աւելի տեղի կ’ունենան ոճիրներ, պատերազմներ, մահեր, անիրաւութիւններ,    անոնք ըլլան ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ, նոյն ժողովուրդի, նոյն ազգի անդամներուն միջեւ, իրարու դէմ, հակասելով մեծ սկզբունքները, (եթէ անոնց հաւատացողներ կան) եւ ստորագրութիւններով յագեցած անվաղորդայն ըլլալու դատապարտուած համաձայնութիւնները:

            Ըսին եւ հոլովեցին հաւասարութիւն, անոր համար պատերազմներ տեղի ունեցան, ըսին ազատութիւն, անոր համար զիրար ջարդել եղաւ կանոն: Ըսին՝ ժողովուրդ, հասկցան պետութիւն եւ անհատապաշտութիւն: Ըսին հայրենասիրութիւն եւ հետապնդեցին իշխանութիւն: Ըսին ժողովուրդ եւ ազգը մոռցան, զայն վերածեցին սպառող-զուարճցող ամբոխի :

            Հայաստան եւ համաշխարհայնացած Սփիւռք(ներ), համագումար՝  հայ ժողովուրդը, օրնիբուն վէճի հանդէս կը խաղան, հայրենիք-Հայաստանի կորուստէն փրկուած հողակտոր Հանրապետութեան տէր ըլլալու, անոր ճակատագիրը որոշելու, զայն ղեկավարելու եւ այդպէս ծառայելու համար շահերու եւ հեռուի ու մօտի  նիւթապաշտական ապազգային փառասիրութիւններու:

            Չեմ համարձակիր  խօսիլ ինքնուրյն ազգի եւ ինքնուրոյն հայրենիքի մասին: Այդ պիտի հակասէր հրաժարումներով խաղաղութեան հասնելու ընթացքը: Ժամանակավրէպ պիտի համարուէի:

            Հայու հայրենիք համարուող հողակտորը փոքրիկ առուի մը կը նմանի, որ ազգը, ինչ որ մնացած է անկէ, կ’ոռոգէ: Որպէսզի  ազգը ապրի, ան պէտք է ոռոգէ, որպէսզի հայը տոկայ  եւ տեւէ:

            Նոյնիսկ հողակտոր, այդ հայրենիքը կ’ոռոգէ եւ կը շարունակէ ապրեցնել հայ ազգը:

            Որպէսզի ան իր դերը ճիշդ կատարէ, «պարտիզպան»ը խոհեմութեամբ պէտք է օգտագործէ այդ առուն, չմսխէ եւ ճիշդ ուղղութիւն տայ անոր, որպէսզի ջուրը կեանք ստեղծէ: Բազմաթիւ պարտիզպաններով կատարուած եւ բազմաթիւ ուղղութիւններով կատարուած ջրտուքը վատնում է: Հետեւանքը՝ չորացում, անջրդի արտ:

            Ի՞նչ կ’ընենք: Վազած ենք դէպի առուն, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ուզած ուղղութիւնը կու տայ առուին եւ ջրտուքը կը դառնայ աւար բաժնելու կագ ու կռիւ, եւ ազգի արտին ջուր չի հասնիր: Ամէն մարդ մշակ չէ: Եթէ փականագործը, վարսավիրը, բանաստեղծը կամ բժիշկը զբաղին ջրտուքով, առուն թեքեն աջ կամ ահեակ, արտերը կը չորնան, գիւղացին կը մատնուի սովի: Մշակը՝ մշակ է, երաժիշտը՝ երաժիշտ, զինուորը՝ զինուոր: Երբ ամէնքը ջրտուքով զբաղին, հողակտոր փոքրիկ առուի նմանող Հայաստանը կը չորնայ:

            Այս մասին կը մտածեմ ամէն օր, երբ Հանրապետութեան երկու հեռատեսիլի ալիքներու լուրերուն կը հետեւիմ եւ պատկերները կը դիտեմ, կ’ընթերցեմ Հայաստանի եւ Սփիւռքի թերթերը, որոնց վրայ կը գումարուի համացանցի անդուռ դաշտին վրայ խճողում ստեղծող ներազգային խծբծանքներու աղմկարարութիւնը: Այնքա՞ն բացասական բաներ կ’ըսուին ազգին, պետութեան, հայկական համայնքներու, մեծ ու պզտիկ հոգեւոր եւ աշխարհիկ «առաջնորդ»ներու մասին, անոնց ըրածի եւ ընելիքի մասին, որ կը մտածեմ, թէ մեր թշնամիները հակահայ քարոզչութիւն ընելու կարիք չունին: Արդիւնքը համատարած փոխադարձ վստահութեան խախտում է:

            Կը լսենք եւ կը կարդանք, նոյնիսկ երբ գիտենք, որ համացանցը, վասն խօսքի ազատութեան, ապատեղեկատուութեան դաշտ է: Մաղ չկայ: Սխալ, վարկաբեկում, գայթակղութիւն, քէն, անորակ փառասիրութիւններ, գումարուելով կը դառնան ախտաւոր հոգիներու բանիմացութեան տիկնիկային հանդէս: Դառնացածներ, ոճիր-արկածի եւ «ասէկոսէ»ի սիրահարներ ձանձրոյթ եւ ամլութիւն բաւաւարելու համար անով կը սնանին եւ ծափ կու տան: Այդպէսեն նաեւ  «սեւացրէք»ի (չ)իմաստունները», որոնք կը կարծեն, որ այդ ընելով, թատերասրահի շարքերու անցքերուն մէջ  աւելցուած ծալուող փառքի աթոռակ մը պիտի ունենան:

            Հին ժամանակ, գաղթակայաններու մէջ, մարդիկ սրճարան կ’երթային, կամ բակերու մէջ, աթոռակներու վրայ նստած, օրուան դէպքերու մասին կը խօսէին, իրենք զիրենք քիչ մը աւելի իմաստուն համարողներ քաղաքական վերլուծւմներ կ’ընէին, թրքերէն կամ հայերէն: Տիրական կարծիք յայտնելու համար, անվիճելի ներածական կամ եզրակացութիւն  էր ըսել, որ այս կամ հարցին կամ իրադարձութեան մէջ «Անգլիոյ մատը կայ», «ինկիլիզին» մատը, սովորական էր նաեւ, որ շաբաթավերջին խմիչքին պատիւ ընծայողներ բարձրաձայն այտարարեն, որ իրենք «Սուրիան, Լիբանանը, կառավարելու չափ խելք ունին», «իրենց ափին մէջ կրնան խեղդամահ ընել թուրքը, սովետը,  կամ ռուսը»: Այսպէս է ամբարտակները քանդող գինիին եւ կուռքի վերածուած եսին միացեալ ուժը:

            Հիմա քաղաքական վերլուծումներու, դատումներու եւ տեսութիւններու համար, սրճարանի, բակերու, խօսակիցի եւ ունկնդիրի կարիք չկայ: Անոնք խցկուած են համակարգիչի էջին վրայ: Մարգարէներ, Սողոմոն իմաստուններ, յապաղած խմբագիրներ, անսխալական հայրենասէրներ, հայրենիքի ինքնահռչակ պաշտպաններ, դատաւորներ, «ինկիլիզին մատը կայ»ի ամէնագէտներ, զիրար  կը հրմշտկեն կամակարգիչի պզտիկ  տարածութեան վրայ: Ոչինչ ըրած են, ոչինչ կ’ընեն, ըսելիք չունին, անհանգիստ չըլլալու համար ոչ ոքի ծառայութիւն մատուցած են, բայց ասդիէն անդիէն ամէն   լսած «ճիշդի եւ սխալ»ի մասին վճիռներ կ’արձակեն, կը դատեն, ըստ նախասիրութիւններու կը գովերգեն կամ սեւցնեն: Պզտիկ պատուահանին ամայութեան մէջ, ոչ ոք իրենց հարց կու տայ թէ իրենք ի՞նչ ըրած են, ի՞նչ կ’ընեն: Անոնք «Սուրիա-Լիբանանը կառավարելու» դատարկ կարողութիւններու յաւակնութիւն ունեցող շաբաթավերջի գինովներու աւանդութիւնը կը շարունակեն: Սերունդ փոխուած է, կեանքի մէջ յաջողածներ եւ թերթ ու գիրք կարդացողներ կան, մանաւանդ օրը քսանչորս ժամ գիտութիւն ջամբող ազատ համալսարան-համացանցի ազատ ունկնդիրներ կան, որոնք ամէն բան  լսած-սորված  են, ամէն բանի մասին կարծիք ունին եւ կը յայտնեն, եւ կը զարգացնեն, դիրք ու պաշտօններ ունենալու «յաւակնութիւններ»: Դասակարգ մըն ալ կայ, որ նոյն աթոռակներու համար տիրոջ ձայնը կը կրկնեն, ինչ որ հին աւանդութիւն է:

            Այսքա՜ն մեծ թիւով կուսակցութիւններ, աթոռակալներ, աթոռի թեկնածուներ, տիրական «կարծիք» ունեցողներ, խորհրդային ժամանակներէն աւանդոաւծ «սեւացրէ՛ք»ի թութակներ, բանակ են եւ աղմուկի հեղեղը կը տանի ճիշդը, նպատակը, ազգը, հայրենիքը, պատմութիւնը, մշակոյթը: Ամէն «կարծիք» յայտնող ինքզինքին շնորհած է ճշմարտութեան աւանդապահի իրաւունք: Cacophonie, կ’ըսէ ֆրանսացին: Փնտռեցի հայերէնը, կակոֆոնիա, որ հայերէնը կ’ուռճացնէ  որպէս կակոֆոնիա, բազմանուն եւ բազմաձայն աղմկահանդէս:

            Այդ բոլորը ինծի կը յիշեցնեն նախակրթարանի պատմութեան դասագիրքիս մէջ ինչ որ սորված էի: Հռոմէացի Պոմպէոս Հայաստան եկած է, հայկական բանակը պարտուած է: Հայերը բազմամարդ պատուիրակութիւն մը ղրկեն բանակցելու: Այդ տեսնելով, Պոմպէոս ըսած է, որ «եթէ կռուելու եկած էք, քիչ էք, եթէ բանակցելու եկած էք, շատ էք»: Ի տես հայկական ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւն խաղցողներուն եւ խաղին մասնացելու ցանկութիւն ունեցողներուն, հայ Պոմպէոս  պիտի գտնուի՞, որ ըսէ.  «Եթէ  մեզ իրաւազրկած թշնամիներուն դէմ գացող բանակ էք, քիչ էք, եթէ կ’ուզէք փոքրացած Հանրապետութեան աթոռները գրաւել, շատ էք»:

            Ֆրանսացի իմաստասէր Տէքարթի խօսքը յաճախ մէջբերած եմ: Ան ըսած է, որ «ողջախոհութիւնը աշխարհի ամէջ ամենէն լաւ բաժնուած բանն է»: Իմ կողմէս աւելցուցած եմ, որ եթէ Տէքարթ հայերը ճանչցած ըլլար, նման բան պիտի չըսէր:

            Այսքա՜ն բազմաթիւ կարծիքներով, նաեւ բազմաթիւ ղեկավարներով, տեսութիւններով, ժողովուրդ եւ երկիր ինչպէ՞ս իրենց ճամբան պիտի գտնեն: Միշտ նոր եւ միշտ տարբեր եւ բազմաթիւ ճամբաներով  ո՞ւր պիտի երթան, ո՞ւր պիտի հասնին:

            Կ’ուզեմ միտքերու այս սրտմաշուք եւ զիրար հրմշտկող թափառումները աւարտել, փիլիսոփայութեան մէջ յիշուող ընտրելու հրամայկանին վերաբերող Պիւրիտանի իշուն առակով: Պիւրիտանի էշը ծարաւ է եւ սոված: Իր առջեւ կը դնեն կեր եւ ջուր: Ան կ’անճրկի եւ չի կրնար ընտրել ջուրին եւ կերին միջեւ: Եւ անօթի ու ծարաւ կը սատկի:

            Երբ այսքան ուղղութիւն ցոյց տուողներ կան, ինչպէ՞ս ընտրութիւն պիտի կատարուի, ո՞ւր երթալու եւ ազգն ու հայրենիքը ո՞ւր տանելու համար: Մեր պարագային հրամցուող ընտրութիւնը երկու ուղղութիւններու միջեւ չէ, այլ՝ բազմաթիւ: Ինչո՞ւ  ընտրել այս մէկը, ինչպէ՞ս, որո՞ւ պիտի վստահինք որ ընտրէ, ինչո՞ւ վստահիլ այս մէկուն եւ ոչ միւսին, ի՞նչ ընել  երբ մէկ եւ միւս յոգնակի են եւ չկայ ջրտուք ընող եւ այդ ընելու ատակ ողջախոհ պարտիզպանը: Պիտի յայտնուի՞ ՄԷԿ ստեղծող ալքիմիկոսը (alchimist): Ոչ  շպարողը, որ ըլլայ գիտակ պարտիզպան:

Եթէ ուշանանք, առուն կը ցամքի: Արտը կը չորնայ: Մենք ալ կը շարունակենք աւաղելու աժան անմահութեան  յուշագրութիւններու աւանդութիւնը:

            Թուխպ ամպերը թոյլ կու տա՞ն, որ նայիմ թէ որքա՞ն մեծցած են պարտէզի հորուտները, ֆրանսացին կ’ըսէ jonquilles, եւ անոնց հետ յոյսս արթննայ:

            Յոյսը լաւ պատրաստուած ապուր է: ֆրանսացի մեծ կատակերգակ Մոլիէրի «Իմաստուն կանայք» թատերախաղի հերոսը, գիտուն ըլլալու մարմաջ ունեցող եւ բառերով գինովցող կիներուն կ’ըսէ.«Ես չեմ ապրիր գեղեցիկ բառերով, այլ՝ լաւ ապուրով»: Ո՛չ գիտաժողով եւ ո՛չ գագաթնաժողով, ո՛չ Մոլիէրի «Իմաստուն Կանայք»-ը: