Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Նուիրուած Ս․ Պատարագ Անթիլիասի Մէջ

Uncategorized

Նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին

Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի սաներու մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնի ոգեկոչում՝ վարդանաշունչ երգերու միաբերան կատարողութեամբ։ Ապա, Հայրապետը պիտի փոխանցէ վարդանանց եւ ղեւոնդեանց պատգամը։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու վարդանանց նուիրուած Ս. Պատրագին եւ Վեհարանին մէջ կատարուելիք յայտագրին, որպէսզի Սրբոց Վարդանանց ոգիով լիցքաւորուած ու վերանորոգուած՝ ազգովին շարունակենք մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն գործունէութիւնը։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ