Սառոյցի Վրայ Պար. Սեմիոն Տանիլեանց Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լիթուանիոյ Քաունաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Այսպիթ Ուինթըր Թրոֆի 2024-ի մրցաշարքը, ուր տեղի ունեցան սառոյցի վրայ պարի մրցումներ ամէն տարիքներու տղոց թէ աղջկանց: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։

Տղոց մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց հայազգի Սեմիոն Տանիլեանց, որ 18 տարեկան ըլալով շահեցաւ տղոց տիտղոսը:

Սեմիոն, որ ծնած է Մոսկուա, 2021-էն ի վեր կը մասնակցի իբրեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ:

Յայտնենք, որ Իտալիոյ մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Եւրոպայի ձմեռնային ողիմպիականի հերթական փառատօնին, Սեմիոն կարճ ծրագիրի մրցումներուն 16 մասնակիցներու հետ պայքարելով գրաւած էր 3-րդ դիրքը, իսկ ընդհանուր դասաւորման չորրորդ դիրքը: