Գերդաստանի Գեղեցկութիւնը Ընդգծող Ճաշատեսակը Կամ Հայկական Խոհանոցի Զարդը՝ Տոլման

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Տոլման  խաղողի թուփով փաթթուած միսի խճողակն է, որ կը մատուցուի մածունով եւ սխտորով:

Հայերը տոլմայ պատրաստած են հին ժամանակներէն ու կը շարունակեն պատրաստել` հրամցնելով տոլմայի շուրջ 50 տեսակ:

«Տոլման» կը պատրաստեն ե՛ւ մսային, ե՛ւ բանջարեղէնային հումքով, լցոնած եւ փաթթուած՝ «տիլլի»-ի մէջ (ուրարտերէն՝ «տոլի» բառէն, որ կը նշանակէ խաղողի տերեւ, այստեղէն ալ տոլմա = խաղողի տերեւի մէջ լցոնուած եւ փաթթուած ճաշատեսակ)։ Դարերու ընթացքին այս ուտեստը ընդունուած, յարմարեցուած եւ տօնուած է տարբեր մշակոյթներու կողմէ՝ իր վրայ կրելով տարբեր ազդեցութիւններ:

Տոլման ունի հսկայական մշակութային նշանակութիւն ունի: Աւնդական այս ուտեստը , որ յաճախ կը պատրաստուի տօնական առիթներու, ընտանեկան հաւաքոյթներու եւ տօներու ժամանակ, կը խորհրդանշէ միասնութիւնը, ժառանգութիւնը եւ աւանդոյթներու փոխանցումը մէկ սերունդէն միւսին:

Տոլմայի պատրաստումը սիրոյ աշխատանք է, որ կը միաւորէ ընտանիքներն ու համայնքները, երբ անոնք կը հաւաքուին միասին խաղողի տերեւները քաղելու եւ տոլման փաթթելու։ Երբ կ՝ուսումնասիրենք տոլմայի հարուստ պատմութիւնը, կը հասկնանք անոր ամենազօրաւոր կողմը՝ ուտեստի հաւաքական ուժը: Այս սիրելի ուտեստը կը միաւորէ ընտանիքները եւ կ՝ընդգծէ գերդաստանի գեղեցկութիւնը բառի ամբողջական իմաստով։

Նիւթը՝ gatapandok.am էջէն

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը