պաքուն Կը Հեռացնէ Վկաները, Կարգը Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Է

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտարարած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի առաքելութեան փակման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

Մանրամասն ու յստակ պատուիրուած յօդուածի մէջ մանրամասն նկարագրուած են բոլոր մեղադրանքները, թէ՛ Ստեփանակերտի առաքելութեան, թէ՛ ամբողջ կազմակերպութեան հասցէին:

Կը պարզուի, թէ «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութիւնը միշտ ալ որոշակի կասկածներ եւ հարցեր յառաջացուցած է», եւ «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Հայաստանի անպատասխանատու եւ ոչ թափանցիկ գործունէութեան պատճառով ղարաբաղեան տագնապին ժամանակ գերեվարուած ու պատանդ վերցուած շուրջ 4000 ազրպէյճանցիներու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է»:

Աւելի՛ն, «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն այն կազմակերպութիւններէն էր, որ այս ամբողջ ընթացքին հաշուի չառաւ ազրպէյճանի կառավարութիւնը եւ, ոտնահարելով մեր երկրի գերիշխանութիւնը, գաղտնաբար համագործակցեցաւ Ղարաբաղի անջատողականներուն հետ»: Հակառակ ազրպէյճանական կողմի յամառ պահանջներուն, «գաղտնիութեան» պատրուակով, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ազրպէյճանին չէ ծանօթացուցած Ստեփանակերտի մէջ առաքելութիւն բանալու համաձայնագիրի բնագիրին, որովհետեւ «ինքնավստահ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, առաջնորդուելով «մենք անկախ, անաչառ, չէզոք կազմակերպութիւն ենք» թեզով, խուսափած է ազրպէյճանի այս օրինական պահանջին կատարումէն»:

«Իրականութեան մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) երբեք չի կրնար անկախ կազմակերպութիւն ըլլալ: ԿԽՄԿ-ն զուիցերիական ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է», կը կարծեն յօդուածի հեղինակներն ու պատուիրատուները` աւելցնելով, որ «այն փաստը, որ սեպտեմբերեան գործողութիւններէն ետք ԿԽՄԿ-ն գրասենեակ պահած է Ստեփանակերտի մէջ կը վկայէ անոր չարամտութեան մասին, որ այդ կազմակերպութիւնը դարձած է Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական խորհրդարանի եւ ԵԽԽՎ-ի հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան կատարողը:

«ԿԽՄԿ-ին յանձնարարուած է չփակել գրասենեակը, եւ ըսած են, որ անջատողականները պիտի վերադառնան Ղարաբաղ եւ դարձեալ պիտի զբաղին անօրինական գործունէութեամբ, եւ նման պայմաններու մէջ ԿԽՄԿ-ն պիտի շարունակէ «աշխատիլ», ինչպէս աշխատած է մինչեւ 2023 թուականը: Ներկայիս Ստեփանակերտի գրասենեակը Ղարաբաղի մէջ կը խաղայ Արեւմուտքի «աչքի եւ ականջի» դերը»:

Յօդուածի հեղինակները կու գան այն եզրակացութեան, որ «ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ վերացնել ԿԽՄԿ-ի Ստեփանակերտի գրասենեակի անհրաժեշտութիւնը: Եկած է Խանքենդիի ԿԽՄԿ-ի գրասենեակը փակելու ժամանակը: ԿԽՄԿ-ի Ստեփանակերտի գրասենեակը ազրպէյճանի գերիշխանութեան նկատմամբ անարգալից վերաբերմունքի մաս է»: