“Rose de Diarbekir” Գիրքի Ներկայացում (Փարիզ)
Չորեքշաբթի 31 Յունուար 2024-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը ներկայացուց Գորին Զարզաւաճեանի «Rose de Diarbekir» գիրքը։ Ներկայացումը ղեկավարեց յայտնի լրագրող ժան Գրիստոֆ Պիւսոն, որ հերթաբար խօսք տուաւ գրողին, տպագրողին եւ պատմաբան Գլէր Մուրատեանի։ Պատմաբանը բացատրեց պատմուածքի օրերուն, 1890-ական թուականերուն, Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական մթնոլորտն ու իրադարձութիւները։ Ներկայ էր նաեւ Միշել Տիւրան Մէրիէ, Կիւստաւ Մէրիէի ծոռը՝ Տիգրանակերտի այդ օրերու ֆրանսացի հիւպատոսը, որ իր պաշտպանութեան տակ առնելով, ջարդերէ փրկած է 300 հայորդիներ։
80-է աւելի ներկաներ մեծ ուշադրութեամբ ունկնդրեցին ներկայացումը։ Երեկոյի վերջաւորութեան Գ. Զարզաւաճեան մակագրեց գիրքը։
Hamazkayin.com