Պահանջատէր Ենք Արցախի եւ Արցախահայութեան Դատին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Ա­թէն­քի մէջ ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քը նա­խա­տե­սո­ւած է ­Կի­րա­կի, 28 ­Յու­նո­ւա­րին, ժա­մը 6-ին, ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր խօսք պի­տի առ­նեն յոյն յայտ­նի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­ րոնք Ար­ցա­խը այ­ցե­լած են ան­ցեա­լին եւ ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը պի­տի յայտ­նեն:

Ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս ե­կաւ «Եւ­րո­պա­ցի­նե­րը յա­նուն Ար­ցա­խի» հար­թա­կը ան­ցեալ տա­րո­ւայ ­Հոկ­տեմ­բեր 1-ին, երբ Եւ­րո­պա­հա­յու­թեան ա­ռա­ջին մեծ զօ­րա­շար­ժը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան տար­բեր եր­կիր­նե­րու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Այս հար­թա­կը կը միա­ւո­րէ Եւ­րո­պա­հա­յու­թեան ամ­բողջ նե­րու­ժը եւ կը մի­տի լսե­լի դարձ­նել ­Հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պա­հանջ­նե­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի եւ ի­րենց յա­րա­կից բո­լոր մար­մին­նե­րուն մօտ։
Այս ան­գամ մեր նոր հան­դի­պու­մը կը նա­խա­տե­սո­ւի այս շա­բա­թա­վեր­ջին՝ ­Շա­բաթ եւ ­Կի­րա­կի 27 եւ 28 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, Եւ­րո­պա­յի 14 եր­կիր­նե­րու ա­ւե­լի քան 50 քա­ղաք­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, ըլ­լան ա­նոնք ժո­ղովրդա­յին հա­ւաք­ներ, նա­մա­կար­շաւ­ներ, քա­րոզ­չա­կան հան­դի­պում­ներ ե­ւայլն, Եւ­րո­պա­կան հար­թակ­նե­րուն հաս­նե­լու, բայց միա­ժա­մա­նակ տեղ­ւոյն կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն ցոյց տա­լու հա­մար իր ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­յու­թեան կամ­քը։
­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան ­Պել­ճի­քա­յի, Աւստ­րիա­յի, ­Հոլ­լան­տա­յի, ­Պուլ­կա­րիոյ, ­Կիպ­րո­սի, ­Չե­խիա­յի, Ֆ­րան­սա­յի, ­Գեր­մա­նիոյ, ­Ռու­մա­նիոյ, Ս­պա­նիոյ, ­Շո­ւէ­տի, ­Զուի­ցե­րիոյ, Անգ­լիոյ մէջ, իսկ ­Յու­նաստա­նի մէջ 5 տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ՝ Ա­թէնք ու ­Փի­րէա, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, ­Սեր­րէս եւ ­Գա­վա­լա։
Ա­թէն­քի պա­րա­գա­յին ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քը նա­խա­տե­սո­ւած է ­Կի­րա­կի, 28 ­Յու­նո­ւա­րին, ժա­մը 6-ին, ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր խօսք պի­տի առ­նեն յոյն յայտ­նի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք Ար­ցա­խը այ­ցե­լած են ան­ցեա­լին եւ ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը պի­տի յայտ­նեն։ ­Փի­րէա­յի մէջ հայ հա­մա­խումբ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը տե­ղե­կա­տո­ւա­կան աշ­խա­տանք մը պի­տի տա­նի նա­խա­պէս՝ ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, յոյն ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղո­ւած քա­րոզ­չու­թեամբ։
­Նա­խա­տե­սո­ւած են նաեւ հար­ցազրոյց­ներ եւ հա­ղոր­դում­ներ յու­նա­կան ե­լեկտ­րո­նա­յին մա­մու­լի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մի­ջո­ցաւ։
­Մեր պա­հանջ­ներն են՝
— Յս­տա­կօ­րէն դա­տա­պար­տել Ար­ցա­խի հա­յու­թեան նկատ­մամբ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ կի­րա­ռո­ւած էթ­նիկ զտում­նե­րու ցե­ղաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
— Ան­հա­տա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ կի­րա­ռել՝ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան նկատ­մամբ, ո­րը պա­տաս­խա­նա­տու է ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քի ա­նօ­րի­նա­կան շրջա­փակ­ման, հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու, Ար­ցա­խի դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած էթ­նիկ զտման հա­մար։
— Օգ­տա­գոր­ծել առ­կայ բո­լոր լծակ­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նին ստի­պե­լու որ ան­յա­պաղ ա­զատ ար­ձա­կէ ձեր­բա­կա­լո­ւած բո­լոր հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րուն, քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տանդ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար դէմ­քե­րուն։
— Ն­պաս­տել շօ­շա­փե­լի մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գա­յին ե­րաշ­խիք­նե­րու տրա­մադր­ման, որ պի­տի ա­պա­հո­վեն ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քը, իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ, մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած ինք­նա­կա­ռա­վար­ման կար­գա­վի­ճա­կով։
— Ար­դիւ­նա­ւէտ ճնշում գոր­ծադ­րել Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ, կան­խե­լու հա­մար ո­րե­ւէ յար­ձա­կում ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ եւ բա­ցա­ռե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը վտան­գող ո­րե­ւէ գոր­ծո­ղու­թիւն։
— ­Հա­յաս­տա­նին տրա­մադ­րել հա­մա­պա­տաս­խան օգ­նու­թիւն՝ Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած բնակ­չու­թեան կա­րիք­նե­րը պատ­շաճ կեր­պով հո­գա­լու հա­մար։
Europeans for Artsakh շար­ժու­մի մա­սին կա­րե­լի է յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել հե­տե­ւեալ յղում­նե­րէն՝ europeansforartsakh.eu, ինչ­պէս նաեւ ­Դի­մա­տետ­րի եւ X-ի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մի­ջո­ցաւ։
­Մեր բո­լո­րի ժա­մադ­րա­վայ­րը՝ այս ­Կի­րա­կի, 28 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 6-ին։ ­Ներ­կա՛յ ըլ­լանք բո­լորս։