Լեւոն Աղասեան՝ Արծաթէ Մետալակիր

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի աթլեթի հաւաքականի անդամ Լեւոն Աղասեան արծաթ մետալ մը շահեցաւ 2024-ի միջազգային Օլկա Ռիփաքովա մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Ղազախստանի մէջ:

Այս մրցաշարքը, որ ձեւով մը զտումի հանգրուան մըն է Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն, 70 աթլեթներ հաւաքեց 8 տարբեր երկիրներէ: Տղոց 3 քայլ ոստում մրցումներուն, Լեւոն Աղասեան ցատկեց 16-26 մեթր՝ ձեռք ձգելով արծաթէ մետալ: