Արցախին Նուիրուած Համաժողով՝ Եւրոպական Խորհրդարանէն Ներս

Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր՝ Յունուար 24-ին, Պրիւքսէլի Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Պահպանելով Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանի նախաձեռնութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Խորհրդաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոմիութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանը եւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Միրիամ Լեքսմանը:

ազրպէյճանի կողմէ հայոց սրբավայրերու թիրախաւորման, պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման քաղաքականութեան եւ այդ ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերու հրատապութեան մասին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեամբ՝ զեկոյցով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի բաժնի վարիչ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան:

Իր զեկոյցին մէջ Հայր Սուրբը կոչ ըրաւ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը, յարգելու կրօնի, հաւատքի ազատութիւնը, որ ամրագրուած է միջազգային շարք մը պայմանագրերով, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռնելու INESCO-ի անկախ գնահատման առաքելութեան ներկայացուցիչներուն այցելելու տարածաշրջան եւ փաստագրելու մշակութային յուշարձաններուն կարգավիճակը:

Խորհրդաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ Եւրոպա Նոսդրա մշակութային ժառանգութեան պահպանության միջազգային հասարակական կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սնեսգա Քուաետվիեկ-Միխայլովիչը, «Բնօրրան» պատմամշակութային հասարակական կազմակերպութեան Արցախի մշակութային ժառանգութեան փորձագէտ Արմինէ Տիգրանեանը եւ Լիովէնի համալսարանի փրոֆէսըր Փիեռ տ’Արժանը: