Տրամադրութիւնը Հոգեվիճակի Արտացոլանքն է. Եղէք Գրաւիչ ե՛ւ Արտաքինով, ե՛ւ Ներքուստ

Այլեւայլ

Աշխարհի միլիոնաւոր կիներ յաճախ կու տան այն հարցը, թէ ինչպէ՞ս գտնել սեփական անհատական ոճը:

Ճի՞շդ է հագնիլ ամէն ինչ, որ նոր հանուած է շուկայ, յայտնուած է նորաձեւութեան ամսագրի էջերուն կամ բեմահարթակներուն` մէկ կողմ դնելով սեփական ճաշակը, բնականաբար` նաեւ ոճը: Կարեւոր է յիշել, որ նորաձեւ ու ոճային ըլլալու համար՝ զոհաբերութիւնը տեղին չէ:

Ըլլալ նորաձեւ, սեփական ոճով` կը նշանակէ անհատականութիւն դրսեւորել ամէն ինչի մէջ` վարքի, մտածողութեան, մասնագիտութեան, եւ, անշուշտ, հագուստի ընտրութեան մէջ: Նաեւ` ձեզի համար յարմարաւէտութիւն ապահովել: Ուստի՝

-Եղէք ինքնավստահ. Դուք հիասքանչ էք:

-Արժէ սորվիլ հագուստի միջոցով քօղարկել կազմուածքի թերութիւնները, որոնք, առկայ են բազմաթիւ կիներու մօտ: Ատիկա, սակայն, բոլորը չէ, որ կը խոստովանին, այլ միայն ոճայիններն ու ինքնավստահները: Նորաձեւ կինը գիտէ, որ եթէ նեղ տաբատը չի վայելեր իրեն, սակայն մեծ է ցանկութիւնը զայն կրելու, ուստի կարելի է համադրել բուրդէ ժաքէթի կամ բարձրակրունկ կօշիկի հետ:

-Հետեւեցէք ձեր խնամքին: Կարելի է չհագնիլ նորաձեւութեան յայտնի տուներու հագուստներ, այլ` պարզ եւ ճաշակով, ու այդ պարագային ալ ունենալ խնամուած, կոկիկ, գրաւիչ տեսք ո՛չ թէ շրջազգեստի շքեղութեան, այլ ձեր անկրկնելի քնքշութեան ու նրբագեղութեան շնորհիւ: Պարզ շրջազգեստը եւ ոճային թաշկինակը կամ կուրծքին ամրացուած զարդը, մաքուր մազերը, թեթեւ դիմայարդարումը եւ կոկիկ, ոչ ճչան մանիքիւրը, նրբագեղ կօշիկները եւ իրավիճակին համապատասխան պայուսակը ձեր կերպարը կրնան դարձնել ինքնատիպ եւ ոճային: