Ինչպէ՞ս Պահպանել Այն Երջանիկ Պահերը, Որոնք Եղած Են Ձեր Կեանքին Մէջ

Այլեւայլ

Ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջ կանայք սովորաբար թոյլ կու տան այնպիսի սխալներ, որոնք կը քայքայեն իրենց երջանկութիւնը: Որո՞նք են այդ սխալները, եւ ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել ձեր կեանքի երջանիկ պահերը.

-«Ես ամէն ինչ մինակս կ’ընեմ»- Շատ յաճախ երիտասարդ կանայք իրենց ամուսինները կը պաշտպանեն չափէն շատ աշխատելէն: Իբր թէ, անոնք կեանքի մէջ աշխատելու դեռ շատ առիթներ պիտի ունենան, իսկ այժմ, քանի դեռ կինը կրնայ, ինքը գլուխ կը հանէ: Բայց կիները կը մոռնան, որ տղամարդիկ կրնան
վարժուիլ այդ դրուածքին: Եւ ամենապատասխանատու պահուն, երբ կինը օգնութեան կարիք ունի, տղամարդը չի կրնար օգնել անոր, որովհետեւ սովոր չէ: Այս է պատճառը, որ շատ կանայք կը սկսին անընդհատ քննադատել իրենց ամուսինները: Բայց ատիկա ընելով անոնք կը սխալին: Ոչ մէկ մարդ կ՝ուզէ
իր կամքով փոխել իր կենսակերպը միայն անոր համար, որ ուրիշ մը դժգոհ է ատկէ: Խորհուրդ կը տրուի՝ համատեղ կեանքի առաջին իսկ օրերէն ձեր ամուսինին սորվեցուցէք օգնել ձեզի: Թէեւ կրնաք ամէն ինչ դուք ընել, բայց տղամարդը թող հասկնայ, որ այնպիսի գործեր կան, որոնք իրմէ բացի, ոչ մէկը կ՝ընէ:

-«Ան պիտի ինքը հասկնայ»- Տղամարդը ոչ մէկ բան ալ ինքնուրոյն պիտի չի հասկնայ. չէ՞ որ դուք գուշակի հետ չէք ամուսնացած: Երբ այդպէս կը մտածէք, միայն խնդիրներ կ՝ունենաք: Եթէ ձեր տղամարդը գերբնական կարողութիւններու չի տիրապետեր, չի կրնար հասկնալ, թէ դուք ինչ կ՝ուզէք իրմէ: Դուք կը
վիրաւորուիք՝ վէճի նորանոր առիթներ գտնելով: Բայց վէճերը ե՞րբ սկսած են դառնալ ընտանիքի երջանկութեան գրաւականը: Ի վերջոյ ձեր ամուսինի կողմէ սոսկ հիասթափութիւն եւ ատելութիւն կը ստանաք: Խորհուրդ կը տրուի՝ եթէ ձեզի որեւէ բան պէտք է ձեր ամուսինէն, անոր անմիջապէս ըսէք ատիկա: Եթէ ոչ միանգամայն, բայց գոնէ քիչ մը ուշ ան կը կատարէ ձեր խնդրանքը: Կարեւորը՝ ան տեսնէ, որ իրմէ բացի ոչ մէկը կ՝ընէ ատիկա: 

-«Իսկական տղամարդը միշտ այս ու այն կ՝ընէ»- Անմիջապէս հարց կը ծագի. «Իսկ դուք ուրկէ՞ գիտէք, թէ իսկական տղամարդիկ ինչ կ՝ընեն»: Եթէ այն մարդը, որ ձեր կողքին է, իսկական տղամարդ չէ, ինչո՞ւ ամուսնացած էք հետը: Կինը մեծ սխալ թոյլ կու տայենթադրելով, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ եւ ինչ պէտք է ընէ իտէալական զուգընկերը: Հեքիաթներով, սիրային դրուագաշարքերով ու ռոմանթիկ պատմութիւններով սնուած կինը կ՝ենթադրէ, թէ գիտէ, թէ ինչպիսին է իսկական տղամարդը: Բայց յաճախ ուժեղ սեռի պատկերացումները բոլորովին այլ են: Եւ երբ կինը ցանկալիի եւ իրականի անհամապատասխանութիւն կը տեսնէ, կը սկսի խնդիրներ հանել: Խորհուրդ կը տրուի՝ ընտրեցէք, թէ ինչ կ՝ուզէք. ապրիլ իտէալական տղամարդու հետ, բայց իրական կեանքի մէջ միայնա՞կ ըլլալ, թէ ապրիլ իրական տղամարդու հետազատուելով գոյութիւն չունեցող իտէալական կերպարէն: Ձեր ամուսինը իրական մարդ է: Ձեր ընտանիքը երջանիկ պիտի ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ դադրիք երազելէ իտէալական տղամարդու մասին եւ տեսնէք ձեր իրական ամուսինը:

-«Ան պէտք է ընէ ա՛յն, ինչ ըսած եմ»- Շատ կանանց մեղքը այն է, որ չեն ընդունիր իրենց ամուսիններուն ըրածը: Կինը ամուսինը խանութ ուղարկած է հաց գնելու, իսկ ան կարկանդակներ բերած էըսելով, թէ հաց չկար: Կինը, կարծես չլսելով, թէ ամուսինը ինչ կ՝ըսէ, կը սկսի քննադատել զայն ամուսինը զրկելով որեւէ
բան ընելու ցանկութենէն: Իբրեւ արդիւնք ան այնպիսի ամուսին կ՝ունենայ, որ ընդհանրապէս պիտի չուզէ խանութ երթալ որեւէ բան գնելու: Ընդունեցէք այն ամէն լաւը, որ ձեզի համար կ՝ընէ ձեր ամուսինը: Միայն այդպէս անոր կրնաք հասկցնել, որ իր արարքները ընտանեկան կեանքի մէջ նշանակութիւն ունին:

Այս չորս խորհուրդը կատարելով` դուք ձեր ընտանիքին մէջ պիտի պահպանէք այն երջանկութիւնը, որ ստեղծած էիք դեռ ամուսնութենէն առաջ: Չէ՞ որ յաճախ ամուսիններուն կարեւոր ընելիքը արդէն ստեղծուածը պահպանելն է: