Թեհրանի Հայոց Թեմին Կողմէ Արցախահայութեան Ուղղուած Օգնութեան Առաջին Բեռնաքանակը Հասած է Հայաստան․ ՀՕՄ-ը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան հասած է Թեհրանի Հայոց Թեմին կողմէ արցախահայութեան ուղղուած օգնութեան առաջին բեռնաքանակը։ 17 թոն բեռը կը ներառէ մաքրութեան պարագաներ, սննդեղէն ու կաթսաներ։ Վառարաններ ու մաքրութեան պարագաներ ներառող երկրորդ բեռնաքանակը կը գտնուի մաքսատան մէջ՝ թղթաբանութեան փուլի մէջ։

Yerkir.am-ը այցելած է Հայ Օգնութեան Միութեան պահեստներէն մէկը, ծանօթացած ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն ու վերջին ստացած բեռնաքանակին։

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քեշիշեան ներկայացուցած է անցնող ամիսներուն ընթացքին իրականացուած աշխատանքները՝ նշելով, որ հասցուցած են օգնութիւն տրամադրել ՀՀ տարբեր մարզերու մէջ բնակող Արցախի շուրջ 7000 ընտանիքի։ Օգնութեան ծրագիրը իրականացուցած են քանի մը փուլով։ Օգնութեան այս բեռնաքանակը ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին մինչեւ Ամանոր։

Արցախահայութեան օժանդակելու Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական խորհուրդի կեանքի կոչած յանձնախումբի ատենապետ Ալֆրէտ Քեշիշեան յայտնած է, որ տեղահանուած արցախահայութեան կարիքները ճշդելու համար նախ կապ հաստատած են Հայաստանի Կարմիր Խաչի, Հայ Օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) եւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ) հետ, պարզելու համար անհրաժեշտ առաջնային կարիքները: Յետոյ որոշած են օգնութիւնները կեդրոնացնել վերմակներու, ծածկոցներու եւ տաք հագուստներու, ինչպէս նաեւ ելեկտրական վառարաններու գնման վրայ։ Առաջին բեռնաքանակին մէջ բացի ծածկոցները, կան նաեւ սննդեղէն եւ կաթսաներ։ Ան տեղեկացուցած է, որ երկրորդ բեռնաքանակին մէջ ներառած են մաքրութեան պարագաներ ու ելեկտրական վառարաններ, իսկ երրորդ բեռը ամբողջութեամբ պիտի ըլլան վառարաններ։

ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան փոխատենապետ Մելանիա Բալայեան երախտագիտութիւն յայտնած է Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, ՀՕՄ-ին, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներուն եւ իրանահայ համայնքին։