Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մօտէն Հետեւեցաւ Գամիշլիի Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Շինարարական Աշխատանքներուն

Սփիւռք

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, մօտէն հետեւեցաւ Գամիշլիի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն։ Սրբազան Հայրը այցելեց եկեղեցի, ընկերակցութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, պատկան մարմինի անդամներու, ազգային երեսփոխաններու, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ շինարարական եւ դրամահաւաքի յանձնախումբին։ Ան շրջագայելով եկեղեցւոյ մէջ իրազեկ դարձաւ այնտեղ տարուած շինարարական աշխատանքներուն։

Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցելով մեծապէս գնահատեց Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ շինարարական եւ դրամահաւաքի յանձնախումբերուն տարած աշխատանքը եւ աղօթեց, որ աստուածային օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ աշխատանքը իր լրումին հասնի։