«Միտանի(Ք)». Ազգային Սոցիալական Ցանց՝ Խորքային Հայաստանի Կառուցման Ճանապարհին

Հայաստան

«Միտանի(Ք)»-ը «Մեծ Հայք» ազգային տեղակատուական համակարգին մէջ գործող ազգային սոցիալական ցանց է, որ նախաձեռնուած է իրապէս ազգային ուժերու եւ արհեստագիտական ոլորտի հայրենասէր ներկայացուցիչներու կողմէ։ Հիմնական նպատակը դուրս բերել հայ օգտատէրերը դուրսի՝ թշնամական կրակի տակէն եւ ձեւաւորել կուռ համակարգ, որ հնարաւորութիւն կու տայ արդիւնաւէտօրէն դիմակայելու սուր մարտահրաւէրներուն ու յարձակումներուն եւ պատրաստուելու թռիչքաձեւ զարգացման արդիական ճարտարագիտութեամբ։

Այս սոցիալական ցանցը կ՝ենթադրէ քանի մը բնագիծերով էշելոնաւորուած պաշտպանութիւն արտաքին յարձակումներու դէմ եւ ուղեղային կեդրոններու գործարկում միջնաբերդի մէջ։ Գերխնդիրը շատ յստակ հայեցակարգերու եւ ծրագրերու մշակումն է առաջարկուած համակարգուած ու արմատական նախատիպերու հիման վրայ, որոնք պէտք է դառնան գործնական ուղենիշ՝ ճանապարհային քարտէզ հեռահար կտրուածքով։

Այս ճանապարհով հիմք պէտք է դրուի Խորքային Հայաստանի կառուցման։ Հետեւաբար ցանցի հաշիւները կառուցողական, արարչագործական ու հաւաքական են։ Ատիկա աննախադէպ երեւոյթ է ժամանակակից սոցիալական ցանցերու համար, որոնք բոլորը ձեռնավարական՝ ապակառուցողական բնոյթ կը կրեն՝ թիրախ դարձնելով, ատոմացնելով եւ լուսանցքային դարձնելով օգտատէրերը։

Ի տարբերութիւն համաշխարհայնական եւ նոր-ազատական ցանցերու՝ «Միտանի(Ք)» սոցցանցը կը հենուի համայնքակեդրոն սկզբունքերու վրայ, ուր առաջնայինը «պարտականութիւն-վաստակ-իրաւունքն» է։ Իւրաքանչիւր ոք իրաւունք կը վաստակի հանրօգուտ պարտականութիւններու կատարումով ապահովել սոցիումի արդար կառավարում։ Այս իսկ միջավայրին մէջ պէտք է ձեւաւորուի ազգի հաւաքական գիտակցութիւնը, որ պէտք է առաջնորդէ հասարակութիւնը վտանգներով եւ սպառնալիքներով լի միջավայրի մէջ օրհասական՝ բեկումնային այս փուլին։

Նախատեսված է, որ ցանցը սկզբնական փուլին գործէ վերնախաւային՝ բարձր պատասխանաւութեան սկզբունքներով՝ մինչեւ անհրաժեշտ կայացում։ Անիկա պիտի ապահովէ Վարքականոնագրով։ Աննախադէպ այս սոցցանցը իրականութեան մէջ նոր քաղաքակրթական մոտէլի դրսեւորում է, որ թոյլ պիտի տայ գրաւիչ դարձնելու զայն մոլորակի ժողովուրդներուն համար՝ նոյնպէս համախմբուելու յարձակողական համաշխարհայնացման եւ նոր-ազատական կործանարար սպառնալիքներուն դէմ։

«Միտանի(Ք)»-ը գործարկուած է 2022 թուականի Սեպտեմբերին։