Գիրքի Աւանդական Փառատօն Մոտայի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

«ԱԿՕՍ»

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը վեր­ջին տա­րինե­րուն գոր­ծակցե­լով յու­նաց «Իս­թոս» հրա­տարակ­չա­տան հետ, հա­ճելի աւան­դութեան մը վե­րածած է Ամա­նորեայ նա­խօրէին կազ­մա­կեր­պել գիր­քի տօ­նավա­ճառ։

Այս տա­րի «Արաս»ի եւ «Իս­թոս»ի գիր­քի տօ­նավա­ճառը կը հիւ­րընկա­լէ Մո­տայի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նը 16 եւ 17 Դեկ­տեմբեր թո­ւական­նե­րուն 12.00-20.00 ժա­մերու մի­ջեւ։ Այ­ցե­լու­նե­րը, թէ պի­տի հե­տեւին զա­նազան մի­ջոցա­ռումնե­րու եւ թէ առի­թը պի­տի ու­նե­նան զոյգ հրա­տարակ­չա­տու­նե­րու գիր­քե­րը զեղ­չեալ գի­ներով ապա­հովե­լու։

Այսպէս 16 Դեկ­տեմբե­րին 14.00 եւ 15.30 ժա­մերու մի­ջեւ Սիլ­վա Էօզ­յէրլի պի­տի պատ­մէ լի­քէօրի ար­տադրու­թեան մա­սին իր ան­հա­տական յու­շե­րը։ 16.00 եւ 17.30 ժա­մերու մի­ջեւ Էլիֆ Կիւ­լէզ, գաղ­թի ու գաղ­թա­կանու­թեան ըն­թացքին մէջ 1980-ական տա­րեթի­ւերու ման­կանց հո­գեբա­նու­թեան մա­սին։ Օրը պի­տի աւար­տի «Իս­թոս»ի երգչա­խումբի Ամա­նորեայ եր­գե­րու հա­մեր­գով։

Յա­ջորդ օր 15.00-16.30 ժա­մերու մի­ջեւ Պեր­քեն Տէօնէր պի­տի մա­կագ­րէ իր վեր­ջերս լոյս տե­սած «Էօյ­լէ պիր Իս­թանպուլ» անուն գիր­քը։

17.00-18.00-ին Սոն­կիւլ Էօտեն կ՚ըն­թերցէ «Մա­րիք» եւ «Վեր­ջին Բա­ժակը»։

Օրը աւար­տին կը հաս­նի սփիւռքի հա­յոց ձայ­նապնակ­նե­րու հնչիւննե­րով։