Պիտի Պայքարիմ՝ Վերականգնելու Համար Հայաստան Վերադառնալու Իրաւունքս. Մուրատ Փափազեան

Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան կը գրէ.

«2022 թուականի Յուլիս 14-ին, երբ կը մեկնէի Հայաստան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը արգիլեց մուտքս եւ արտաքսման հրաման տուաւ՝ ըսելով, որ ես «փերսոնա նոն կրաթա եմ»։ Դէպքերէն 13 ամիս անց՝ 2023 թուականի Օգոստոս 21-ին, նախնական դատական ​​նիստին ժամանակ դատաւորը ԱԱԾ-էն պահանջեց ներկայացնել իմ՝ Հայաստան մուտքի արգելքին պատճառները։ Իրադարձութիւններէն 13 ամիս անց անոնք չկրցան նուազագոյն պատճառներ ներկայացնել … Դատաւորը 14 օր ժամանակ տուած էր Անվտանգութեան Ծառայութեան՝  ներկայացնելու հեռացմանս պատճառները, այսինքն՝ Սեպտեմբեր մինչեւ 4։ Փաստաբաններս խնդրեցին, որ կարենամ յաջորդ նիստին ներկայ գտնուիլ, բայց դատաւորը մերժեց, փոխարէնը սակայն առաջարկեց հեռակայ կարգով մասնակցիլ:

Անվտանգութեան Ծառայութիւնը ի հարկէ երբեք չէ ներկայացուցած պահանջուող տարրերը: Հոկտեմբերին իմացայ, որ դատաւոր փոխած են, եւ Նոյեմբեր 23-ին, ժամը 14:30-ին պէտք է նոր նախնական դատական ​​նիստ իրականացուի։ Դատաւորի փոփոխութեան պատճառ չի նշուիր։

Կը դիմեմ Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին՝ ձեռք բերելու իմ հեռացման պատճառները եւ ինծի իրաւունք տալու մասնակցելու այս դատավարութեան։ Իսկ եթէ Անվտանգութեան Ծառայութիւնը դեռ շարունակէ չներկայացնել իմ հեռացման պատճառները, ես կ՝ակնկալեմ, որ այս որոշումը կասկածի տակ դրուի։ Իսկ եթէ ականատես ըլլանք արդարադատութեան պարզ ձեւականութեան, ես չեմ վարանիր զայն փոխանցելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, որպէսզի չեղարկուի այս անհիմն որոշումը:

Ես պիտի պայքարիմ՝ վերականգնելու համար Հայաստան վերադառնալու իմ իրաւունքը. երկիր, որուն համար պայքարած եմ աւելի քան 40 տարի։

Փարիզ, 21 Նոյեմբեր, 2023 թ․»։