Արամ Խաչատուրեանին եւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Նուիրուած Ելոյթ

Հայաստան, Սփիւռք

Աշ­խար­հահռ­չակ եւ հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ծննդեան 120-ա­մեա­կին, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման 120-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գասրա­հին ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­հիին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնօ­րէն Ք­րիս ­Ղա­լի­լէա­սի, Եր­կու­շաբ­թի, 13 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մե­ղա­րօ ­Մու­սի­քիս» սրա­հէն ներս, ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին նո­ւա­գա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ մաէսթ­րօ Է­դո­ւարդ ­Թոփ­ճեա­նի եւ դաշ­նա­կա­հա­րու­թեամբ ­Սէր­կէյ ­Պա­պա­յեա­նի տպա­ւո­րիչ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ: ­Սոյն ո­գե­ւո­րիչ ե­լոյ­թին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետն ու ան­դամ­նե­րը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Հ. պատ­ւոյ հիւ­պա­տո­սը, յոյն պա­տո­ւա­ւոր հիւ­րեր եւ բազ­մա­թիւ հայ եւ յոյն ներ­կա­ներ:

­Բաց­ման ­Խօս­քով հան­դէս ե­կաւ հա­մեր­գաս­րա­հի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնո­րէն Ք­րիս ­Ղա­լի­լէաս: Ան բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով ներ­կա­նե­րուն, անդ­րա­դար­ձաւ օ­րո­ւան ե­լոյ­թին նպա­տա­կին եւ իր խօս­քի ա­ւար­տին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հա­մեր­գաս­րա­հի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­հի Էւ­ղէ­նիա Ա­լէք­սանտ­րա­փու­լո­ւին: Ա­պա, բեմ հրա­ւի­րեց տնօ­րէ­նու­հին, որ­պէս­զի ան եւս իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցէ: Ան անդ­րա­դար­ձաւ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան:

Իսկ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի կող­մէ խօսք ա­ռաւ ե­կե­ղեց­ւոյս Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ծննդեան 120-ա­մեա­կին կը զու­գա­դի­պի նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման 120-ա­մեա­կը, ան խօ­սե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան մա­սին եւ ամ­փոփ գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցուց դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը: ­Յա­ջոր­դա­բար, Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի թարգմա­նը հան­դի­սա­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­ս ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեան:

­Խօս­քե­րէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ հան­դէս ե­կաւ ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին նո­ւա­գա­խում­բը եւ ներ­կա­նե­րուն հրամ­ցուց Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի հրա­շա­լի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն կտոր­ներ: Ն­շենք նաեւ, որ նո­ւա­գա­խում­բին միա­ցաւ դաշ­նա­կա­հար ­Սէր­գէյ ­Պա­պա­յեան եւ ու­նե­ցաւ նաեւ ա­ռան­ձին բա­ժին­ներ, ո­րոնց­մով հիա­ցուց ներ­կա­նե­րը:
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, հայր սուր­բը, ատե­նա­պե­տը եւ պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սը ան­ձամբ տե­սակ­ցե­ցան ­նո­ւա­գա­խում­բի ղե­կա­վա­րին հետ, ո­րուն փո­խան­ցե­ցին սրտէ բխած շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քեր:

ԹՂԹԱԿԻՑ

«ԱԶԱՏ ՕՐ»-ի