Խօսելու Ժամանակը Վերջացած է, Պէտք է Գործողութիւն Սկսիլ. Վազգէն Մանուկեան

Հայաստան

Խօսելու ժամանակը վերջացած է, պէտք է սկսիլ գործողութիւն։ Այսօր, Սեպտեմբեր 21-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին յայտարարեց ՀՀ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան։

Այսօր Արցախը արնաքամ կ՝ըլլայ, ոչ մէկ պաշտպան ունի, ընդգծեց ան։

«Ցանկացած երկիր իր քաղաքացիի՝ մէկ հոգիի համար ինքնաթիռ կ՝ուղարկէ։ Արցախի մէջ երեխաներ կը զոհուին, մայրեր, տղամարդիկ մինչեւ վերջ կը պայքարին։ Մինչեւ հիմա դեռ որոշ տեղեր պայքարը կը շարունակուի։ Ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի իշխանութիւն ըլլալ Հայաստանի մէջ։ Այս իշխանութիւնը գոյութիւն չունի, դո՛ւք էք իշխանութիւնը»,- դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն՝ ըսաւ Վազգէն Մանուկեան։

Ան շեշտեց, որ Երեւանի մէջ սկսած են զանգուածային ցոյցեր, որոնք պէտք է հասնին սպասուած հանգրուանին, իսկ ՀՀ իշխանութիւնը կը սխալի՝ կարծելով, թէ քանի մը օր անց հանրահաւաքները կ’աւարտին։

«Ո՛չ։ Այն ցեղասպանութիւնը, որ ՀՀ գործող իշխանութեան պատճառով եւ մեղքով տեղի կ՝ունենայ Արցախի մէջ, պիտի մտնէ Հայաստան։ Մենք կը սկսինք զանգուածայյին անհնազանդութեան ցոյցերը։ Անոնց պէտք է միանայ ոչ միայն Երեւանի բնակչութիւնը, շրջաններէն ալ պէտք է գան Երեւան՝ մասնակցելու»,- ըսաւ Վազգէն Մանուկեան։