Ցեղասպանութիւնը Չկանխելը Միջազգային Իրաւունքի Չափանիշներով Ծանրագոյն Յանցագործութիւն է․ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

Հայաստան

Ցեղասպանութիւնը չկանխելը եւ բոլոր միջոցներով անոր իրականացումը չդադրեցնելը միջազգային իրաւունքի չափանիշներով ծանրագոյն յանցագործութիւն է։

Այս պահուն ազրպէյճանը Արցախի մէջ հայութեան ցեղասպանութիւն կ՝իրականացնէ։ Անիկա տեղի կ՝ունենայ նիկոլ փաշինեանի եւ ՀՀ իշխանութիւններու յանցաւոր թոյլտուութեամբ ու լուռ համաձայնութեամբ։

նիկոլ փաշինեանը արցախահայութեան ցեղասպանութեան յանցակիցն է։

ՀՀ կառավարութեան անդամները, քաղաքական մեծամասնութիւնը, ՀՀ Աժ «քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները կը կիսեն այս օրհասական պահի ողջ պատասխանատուութիւնը։

Կոչ կ՝ուղղենք անոնց՝ գնահատելու պահի ծայրայեղութիւնը, առերեսուելու իրականութեան, ցուցաբերելու քաղաքական եւ քաղացիական խիզախում, մերժելու նիկոլ փաշինեանի ցեղասապան քաղաքականութիւնը եւ միանալու ժողովուրդին։

Ասիկա դաւաճանի խարանէն մաքրուելու վերջին հնարաւորութիւնն է, այլապէս անխուսափելի պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուիք եւ պատմութեան մէջ մնաք որպէս ցեղասպանութեան յանցակից։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
Երեւան, 21 Սեպտեմբերի, 2023 թ.