Վաղը 10:00-էն Պիտի Շրջափակենք Կառավարութեան Շէնքը. Վազգէն Մանուկեան

Հայաստան

Հանրահաւաքը վերջացնելէ ետք խումբերով տարբեր փողոցներով գացէք, մինչեւ 21:30 փակեցէք փողոցները, անդամալուծեցէք ամէն ինչ որ կրնաք: Այս մասին այսօր, Սեպտեմբեր 21-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին յայտարարեց նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան:

«Հիմա արագօրէն պէտք է սկսիլ իշխանութիւնը ծունկի բերելու գործընթացը: Վաղը ժամը 11:00-ին այս շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան նիստ, որ մեզի համար կառավարութիւն չէ: Այն կառավարութիւնը, որ դրդեց Արցախի ցեղասպանութիւնը, եւ այժմ կը սպառնայ Հայաստանի սահմաններուն, գոյութիւն չունի: Մենք վաղը 10:00-էն պիտի շրջապատենք ու թոյլ պիտի չտանք, որ կառավարութեան նիստ տեղի ունենայ: Ես կոչ կ՝ընեմ մեր երիտասարդութեան ամէն տեղ անհնազանդութեան ցոյցեր ընելու»,- ըսաւ Վազգէն Մանուկեան: