Անկախութեան Հռչակագիրով Առաջնորդուինք․ «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

(ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրի 30-ամեակ)

23 Օգոստոս 1990-ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նստաշրջանը ընդունեց «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին», որով Հայաստանի անկախութեան գործընթացին սկիզբը դրուեցաւ։ Հռչակագիրը, որ կարեւոր իրաւական փաստաթուղթ էր անկախութեան ճանապարհին եւ կը նախանշէր Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ զարգացման ուղիները, բաղկացած էր 12 կէտէ։

Հռչակագիրով հաստատուեցան Հայաստանի պետական խորհրդանիշերը, Հայաստանի արտաքին անկախ քաղաքականութիւն վարելու, տարբեր երկիրներու մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական, մշակութային, իրաւական կեանքը վարելու հիմնական պայմաններն ու ժողովրդավարութեան հաստատման տուեալները: Վերականգնեցան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ իրաւունքները եւ յատուկ յօդուածով մը անդրադարձ կատարուեցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական տարածքներու մասին։ Հռչակագիրը հաստատեց նաեւ Հայաստանի վճռականութիւնը՝ Արցախը իր տարածքի անբաժանելի մասը ճանչնալու մասին։ Փաստօրէն հռչակագիրը ծրագրային փաստաթուղթի մը համապատկերը դարձաւ։

Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ արտացոլացին հայոց պետականութեան հզօրացման եւ հայ ազգի իղձերու իրականացման հասնելու ուղիները:

Անկախութեան հռչակագիրը այլ խօսքով՝ մեր ազգին ու պետութեան ուղեցոյցը դառնալու կոչուած էր ու կը շարունակէ մնալ այդպէս՝ անկախ քաղաքական ներքին տարակարծութիւններէ, աշխարհաքաղաքական փոփոխական վիճակներէ:

Անոր մէջ մեր սերունդներուն վրայ սրբազան պարտք կը դրուի աշխատիլ ու պայքարիլ, ստեղծագործ միտք եւ ուժեղ բազուկ ունենալ՝ իրականացնելու մեր ազգային իղձերը ու դառնալու հզօր պետութիւն, միասնակամ ազգ:

Աշխարհաքաղաքական պայմանները կրնան փոխուիլ, պարտութիւնները կրնան վհատեցնել մեզ, սակայն պետութեան,հողին, ազգին, մշակոյթին տիրութիւն ընելու, պատմական մեր իրաւունքներէն չզիջելու իմաստութիւնը, արիութիւնը, գործելու կամքն ու ստեղծագործ միտքը բանելով կրնան ուղղորդել մեր ազգի թէ երկրի ղեկավարները, մեր հաւաքական գիտակցութիւնը:

Թող անկախութեան հռչակագիրը ըլլայ մեզ միացնող, Սփիւռքի, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ մեզ պետութեան ու ազգի պահպանման համար միասնական աշխատանքի մղող ուղեցոյց:

Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ բարդ իրավիճակներուն մէջ հռչակագիրէն դուրս մտածել կը նշանակէ աշխարհագրական նեղ ու նեղցող տարածքի մէջ խեղդել պետութիւնն ու ազգը: Անկախ պետութիւն կերտելը արիութիւն կը պահանջէ, զայն պահելն ու զարգացնելը՝ հաւաքական իմաստութիւն ու ստեղծագործ աշխատանք: