Վանայ Լիճի Մակարդակի Իջնելուն Հետեւանքով Յայտնաբերուած են Ժայռափոր Սենեակներ եւ Դամբարաններ

Աշխարհ, Էրկիր

Անբնական տապին եւ տեղումներու պակասին հետեւանքով արդէն քանի տարի է, որ Վանայ լիճի մակարդակը զգալիօրէն կ՝իջնէ։

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ ջուրի մակարդակի իջնելուն հետեւանքով լիճի Էրճիշ շրջանին մէջ յայտնաբերուած են ժայռափոր սենեակներ եւ դամբարաններ։ Կ՝ենթադրուի, որ անոնք կը պատկանին ուրարտական շրջանին։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ որոշ ժամանակ առաջ Վանայ լիճի մակարդակի նուազման հետեւանքով Ատըր կղզիին շրջակայքը ի յայտ եկած էր մօտ 100 տարուան վաղեմութեան փայտէ տախտակամած, որուն երկարութիւնը կը հասնէր 2 մեթրի։