Վաքըֆի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Վերափոխման Տօնը Այս Տարի Մեծ Շուքով Չէ Նշուած

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Այժմեան թուրքիոյ Հաթայի նահանգին մէջ գտնուող հայկական միակ գիւղի՝  Վաքըֆի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորական Աւետիս Թաբաշեան խօսած է Օգոստոս 13-ին Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով եկեղեցւոյ մէջ իրականացուած տօնակատարութեան մասին:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թաբաշեանը նշած է, որ 2023-ին իրականացուած տօնակատարութիւնը տարբեր էր նախորդներէն եւ ուշադրութիւն կը գրաւէր իր քիչ խանդավառութեամբ:

Այս ամէնը բացատրուած է 2023-ի Փետրուար 6-ին թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժով (7.7 աստիճան): Երկրաշարժին հետեւանքով բազմաթիւ հայեր կորսնցուցած էին իրենց բարեկամներն ու ընկերները:

Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականը աւելցուցած է, որ ի տարբերութիւն անցած տարիներուն, տօնակատարութիւնը եկեղեցւոյ մէջ (աղօթատեղի) չէ կատարուած, այլ՝ եկեղեցւոյ սրահին:

Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ գալիք տարիներուն, ինչպէս ժողովուրդին մէջ յայտնի է՝ «խաղողօրհնէք»ի տօնը պիտի նշուի մեծ շուքով եւ ուրախութեամբ: