Ես Կը Խօսիմ Հազարաւոր Մայրերու Անունով․․․ Սարսափելի Է․ Շուշիէն Տեղահանուած Ալվինա Ներսէսեան

Հայաստան

Ես կը խօսիմ 120,000 մարդու եւ հազարաւոր մայրերու անունով, որոնք անհաւասար պայքար կը տանին այն իրականութեան մէջ, ուր յայտնուած ենք։ Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, Արցախի մէջ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպանութեան վերաբերեալ արտակարգ մամուլի ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Շուշիէն տեղահանուած Ալվինա Ներսէսեանը։

«Ամէն օր հոգալ երեխաներու համար հացի խնդիրը, քանի որ ամէն առաւօտ  վստահ չես, որ կրնաս ձեռք բերել, կը վստահեցնեմ՝ սարսափելի է։ Մեր երեխաները արժանի չեն այս վերաբերմունքին, որուն ականատեսն ենք»,- յայտնեց Ալվինան։

Ան պատմեց, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Շուշիէն բռնի տեղահանուած է։ Այժմ կ՝ապրի Ստեփանակերտի մէջ եւ ամէն օր կը բախի հաց ունենալու խնդրին։

«Ես չեմ խօսիր ճոխ ուտելիքի մասին, այլ կը խօսիմ՝ սովորական հաց ունենալու մասին։ Այն հերթերը, որոնք կ՝ունենանք հացի կէտերուն մէջ, սարսափելի են։ Նոյնիսկ այս պարագային վստահ չես, որ հերթդ պիտի հասնի, քանի որ հացի քանակը շատ քիչ է։ Որդիս երկու օր առաջ 4 ժամ կանգնած էր հացի հերթի եւ դատարկաձեռն եկած էր տուն։ Ըսաւ՝ մամ, կը ներես, բայց ինծի հերթ չի հասաւ, յաջորդ օրը աւելի շուտ կ՝երթամ։ Ասիկա այն իրականութիւնը չէ, որ ցանկացած մայր կ՝ակնկալէ իր երեխայի համար»,- կը պատմէ Ալվինա Ներսէսեան։

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Արցախի մէջ իսկապէս ամէն ինչ վատ է, Ներսէսեանը կ՝արձագանգէ․ «Եթէ կ՝ըսեմ ՝ վատ է, ուրեմն՝ շատ վատ է։ Մեր երեխաները զրկուած են ամէն ինչէ՝ քաղցրաւենիքէ, մրգերէ, ուրախ տօնակատարութիւններէ եւ այլն։ Անոնք փոքր են եւ շատ բաներ չեն հասկնար, չեն հասկնար նաեւ խանութներուն այն դատարկութիւնը, որ կը տիրէ Ստեփանակերտի մէջ»։

Ալվինա Ներսէսեան նաեւ տեղեկացուց, որ Շուշիէն տեղահանուածները կապ ունին իրարու հետ առցանց հարթակի վրայ եւ անոնցմէ շատերը ցանկութիւն ունին վերադառնալու Արցախ, սակայն խնդիրները շատ են՝ սկսեալ ճանապարհներու փակ ըլլալէն, վերջացած՝ հասարակական պայմաններու բացակայութիւնով։

Աւելի մանրամասն՝ տեսանիւթով․