ՄԱԿ-ի ԱԽ-ն Արձանագրեց, Որ Սովամահ Կ՝ըլլանք, Շնորհակալ Ենք, Բայց Ատկէ Ի՞նչ Կը Փոխուի․ Դաւիթ Բաբայեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է յստակ բանաձեւ ընդունի, որովհետեւ ուղղակի յայտարարութիւնները ոչինչ կը փոխեն։ Այս մասին, ըստ NEWS.am-ի, ըսած է Արցախի նախագահի խորհրդական, նախկին ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբաեան։

«Հակառակ պարագային ասիկա պիտի ըլլայ ազրպէյճանի համար իրական յաղթանակ։ Հնչած գնահատականներով արցախցիներուն խնդիրները չեն լուծուիր, անվտանգութիւնը չ՝ապահովուիր, ցեղասպանութեան վտանգը չ՝անհետանար։ Պէտք է սպասենք՝ ինչ բանաձեւ կ՝ընդունին կամ որոշում, թէ՝ ամէն ինչ այսքանով պիտի եզրափակուի՝ դառնալով հերթական անարդիւնաւէտ հանդիպումը։ Պէտք է աշխատանք տարուի, որ յստակ արդիւնք ըլլայ, շատերու վրայ ազդեն, թէ չէ այս պատուիրակութիւնը լաւ խօսեցաւ, միւսը՝ ոչ, յետո՞յ, ի՞նչ փոխուեցաւ։ Եթէ այսպէս շարունակուի, Արցախը ստիպուած պիտի ըլլայ կտրուկ քայլերու դիմելու, սովամա՞հ ըլլանք։ Կամ պէտք է մնանք, պայքարենք կամ թքենք ու դուրս գանք։ Արձանագրեցին, որ սովամահ կ՝ըլլանք, շնորհակալ ենք, բայց ատկէ ի՞նչ կը փոխուի»,- նշած է ան։