Ուրֆայի Մէջ Հայկական Եկեղեցիի Մը Գմբէթը Փլած է

Աշխարհ, Էրկիր

Ուրֆայի մէջ (Եդեսիա) վերջերս փլած է Գերմուշ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը։ Մարտինէն ընտրուած ասորի պատգամաւոր Ճորճ Ասլանը, որ անդամ է Ձախ կանաչներ կուսակցութեան, հարցում ուղարկած է թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին՝ բացատրութիւններ պահանջելով թեմային վերաբերեալ։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ թրքական «Պիանեթ» լրատուակայքը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Ասլանը հարցապնդման մէջ մասնաւորապէս նշած է․

«Ուրֆայի Հալիլիյէ գաւառին մէջ գտնուող հայապատկան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին մինչ այս բազմիցս աւերուած է գանձագողերու կողմէ եւ որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս ախոռ։ Վերջերս մամուլի մէջ լուրեր տարածուեցան, որ եկեղեցւոյ գմբէթը փլած է։

Թէեւ սոյն եկեղեցւոյ պահպանման ու վերականգնման համար բազմիցս կոչեր եղած են Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, սակայն այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ քայլ ձեռնարկուած է։

Թէեւ 2011 թ․ Նախարարներու խորհուրդին որոշումով Գերմուշ գիւղի եկեղեցին եւ շրջակայքը հռչակուած են «Զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոն», իսկ 2019 թ․ ալ եկեղեցին Քարաջադաղի զարգացման գործակալութեան կողմէ ընդգրկուած է նիւթական աջակցութեան ծրագրին մէջ, սակայն ո՛չ եկեղեցւոյ մէջ, ո՛չ ալ անոր շուրջը որեւէ աշխատանք չէ իրականացուած։

Գերմուշի եկեղեցւոյ նման՝ թուրքիոյ մէջ ճակատագրի քմահաճոյքին ձգուած հարիւրաւոր եկեղեցիներ ու վանքեր քանդուելու վտանգի տակ են՝ անխնամ մնալու կամ գանձ որոնողներու յարձակումներուն ենթարկուելու հետեւանքով։

Կը պահանջեմ պատասխանել հետեւեալ հարցերուս․

1․ Թէեւ տեղեակ եղած էք, որ Գերմուշի եկեղեցին ամէն պահ կանգնած է փլելու վտանգին առջեւ, ինչո՞ւ պահպանման տակ չէք վերցուցած զայն։

2․Որեւէ աշխատանք պիտի կատարէ՞ք Գերմուշի եկեղեցին վերականգնելու եւ վերաբանալու ուղղութեամբ։

3․ Ինչե՞ր կ՝ընէք քրիստոնեաներուն պատկանող մշակութային հարստութիւններու աւերման եւ մշակութային յիշողութեան անհետացման արգելք դառնալու համար։

4․ Աշխատանքներ կը կատարէ՞ք անփութութեան կամ գանձագողերու յարձակումներուն պատճառով աւերման վտանգի ներքոյ գտնուող հարիւրաւոր եկեղեցիներու եւ վանքերու պահպանման եւ վերականգնման ուղղութեամբ»։

թրքական կայքէջը հրապարակման աւարտին կը յայտնէ, որ եկեղեցին ենթադրաբար կառուցուած է 19-րդ դարուն։ Անիկա երկյարկանի քարէ շինութիւն է։ Կառոյցը վերանորոգուած է 1881 թ․, Յակոբ Արդուիսեանի կողմէն։

Իրականութեան մէջ այս խնդրին թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պէտք է անդրադառնար ոչ թէ ասորի, այլ միակ հայ պատգամաւորը՝ Սեւան Սըվաճըօղլուն, սակայն նկատի առնելով վերջինիս կուսակցական պատկանելիութիւնը՝ հասկնալի, բայց ոչ՝ ընդունելի կը դառնայ անոր լռութիւնը։

https://bianet.org/bianet/tarih/281089-germus-kilisesinin-koruma-altina-alinmamasinin-gerekcesi-nedir?bia_source=rss

Թրգերենէ թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը