Իրաքի Մէջ Առեւանգած Են Իսրայէլցի Յայտնի Լրագրողը, Որ Կը Բացայայտէր 44-օրեայ Պատերազմին ազրպէյճանի Կողմէ Սուրիացի Վարձկաններու Ներգրաւումը

Աշխարհ, Հայաստան

Քանի մը ամիս առաջ Իրաքի մէջ անհետացած Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի Էլիզապէթ Ցուրգովը պատանդ վերցուած է շիաներու «Քաթայիպ Հըզպալլահ» խմբաւորման կողմէն։ Այս մասին, ըստ factor.am-ի՝ գրած է DW-ի ռուսական ծառայութիւնը՝ վկայակոչելով Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւնները։

«Էլիզապէթ Ցուրգովը դեռ ողջ է, մենք կը կարծենք, որ անոր ճակատագրին եւ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ Իրաքը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Այդ հարցով կը զբաղին Իսրայէլի համապատասխան մարմինները։ Կը նշուի, որ Ցուրգովը գիտնական է, որ մեկնած է Իրաք սեփական նախաձեռնութեամբ՝ դոկտորական ատենախօսութիւն գրելու եւ ԱՄՆ Փրինսթընի համալսարանին համար հետազօտութիւններ կատարելու նպատակով։ Քանի որ Իսրայէլի քաղաքացիներուն չեն արտօներ մուտք գործել Իրաք, ան օգտագործած է իր ռուսական անձնագիրը։

Նշենք, որ Ցուրգովը նաեւ լրագրող է, Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններով յայտնի հետազօտող։ Ան առաջիններէն էր, որ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու ընթացքին կը բացայայտէր եւ կը լուսաբանէր, թէ ինչպէս թուրքիան սուրիացի վարձկանները կը տեղափոխէ ազրպէյճան՝ ԼՂ-ի դէմ յարձակման մասնակցելու համար։ Ան նման բովանդակութեամբ ունի շարք մը հրապարակումներ։

Իսրայէլցի անանուն դիւանագէտն ալ Jerusalem Post-ին յայտնած է, որ Ցուրգովը անհետ կորսուած է Մարտէն ի վեր: Twitter-ի վրայ անոր վերջին գրառումը եղած է Մարտ 21-ին: