
Դպրաց եւ Կիսասարկաւագաց Ձեռնադրութիւնը Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի 28 Մայիս 2023-ի առաւօտը, Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ հաւատացեալ ծխականներուս համար, եւ յատկապէս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ու անոր ընթացքին կատարուած արարողութեան ներկայ գտնուողներուս յիշողութեան մէջ, որպէս յիշատակելի օր, անջնջելի պիտի մնայ:
Առաւօտեան Ս. պատարագի ընթացքին, եւ նախ քան պատարագիչ Տէր հօր «Եւ տուր մեզ…» ձայնաւոր աղօթքը արտասանելը, Յունաստաի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, եմիփորանով զգեստաւորուած, Ս. Խաչն ու եպիսկոպոսական գաւազանը ձեռին, «Այսօր ուրախացեալ ցնծան երկնից բազմութիւնք…» շարականի երգեցողութեամբ, ժողովուրդին խնկարկումէն յետոյ, Դասին կեդրոնը դրուած առաջնորդական գահին վրայ նստելէն ետք, եկեղեցւոյս երկու պատանի ծառայողները՝ Գրիգոր Ունանեան եւ Փիլիպոս Պրունծոս-Երանոսեան, ծունկի եկան ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր առջեւ: Օրուան պատարագիչ եւ խարտաւիլակ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի կատարած Սաղմոսներու ու քարոզներու ընթերցումներով ձեռնադրիչ Սրբազան հայրը յատուկ աղօթքներով նախ կտրեց ընծայեալ դպիրներուն մազերէն խաչաձեւ չորս մասեր, որպէսզի իրենցմէ հեռանան աշխարհիկ ցանկութիւնները, ապա անոնց յանձնեց Սաղմոսագիրքը եւ աւելը՝ որպէս իրաւունք կարդալու եւ եկեղեցին մաքրելու: Անկէ ետք, յաջորդաբար տուաւ անոնց դպրութեան չորս աստիճանները՝ դռնապանութիւնը, ընթերցողութիւնը, երդմնեցուցչութիւնը եւ ջահընկալութիւնը։
Դպիրներուն ձեռնադրութենէն ետք, սկսաւ կիսասարկաւագութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը։ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ընծայեալ դպիրներ, հայր ու որդի՝ Կարօ եւ Ժանօ Պարտաքճեաններ, ծունկի եկան ձեռնադրիչ Սրբազանին առջեւ եւ սաղմոսներու ու քարոզներու ընթերցումներով, ձեռնադրիչ Սրբազան հայրը, ձեռքը դնելով ընծայեալներուն գլխուն, անոնց ձախ բազուկին դրաւ ուրարները, յետոյ անոնց յանձնեց դատարկ Սկիհն ու Մաղզմանը, պատարագի լրիւ զգեստն ու խորհրդատետրը։
Ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին եւ «Պահպանիչ»ով օրհնելէ ետք նորաձեռնարդեալներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալները, Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ որոշ բացատրական մը տուաւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աստիճաններուն մասին, որ ընդհանրական եկեղեցւոյ առաքելական աւանդութեան համաձայն, նաեւ հաստատած է եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներու կարգեր, որոնք կը բաժնուին երկու խումբերու. աւագ աստիճաններ՝ սարկաւագ, քահանայ եւ եպիսկոպոս, եւ կրտսեր աստիճաններ՝ սաղմոսերգու, աւելածու, դռնապանութիւն, ընթերցողութիւն, երդմնեցուցչութիւն, ջահընկալութիւն եւ կիսասարկաւագութիւն։
Եկեղեցւոյ մէջ ծառայողը ընտրուած եւ ընդունուած անձ պէտք է ըլլայ եկեղեցական նուիրապատական իշխանութեան կողմէ¸ որ ըստ կարգի եւ աստիճանի, ենթակային պարտականութիւններ կատարելու հրաման եւ իրաւունք կուտայ։
Այսօր, երկու դպիրները արտօնութիւն ստացան որոշ պարտականութիւններ կատարելու եկեղեցւոյ մէջ։ Սա պատասխանատուութեան գիտակցութեան եւ պարտականութիւնը լրջութեամբ կատարելու պատուէր է։ Եկեղեցւոյ արարողական կեանքը կը ճոխանայ եւ պայծառանայ ծառայողներու վայելուչ դերակատարութեամբ։ Գրիգոր եւ Փիլիպպոս դպիրները իրենց գնահատելի ծառայութեամբ կապահովեն աւագ սերունդի ծառայողներու յաջորդականութիւնը։
Այս առիթով գնահատելով Գրիգորին եւ Փիլիպպոսին նուիրուածութիւնը, յատկապէս գնահատեց անոնց ծնողներուն, ի մասնաւորի մայրերուն քաջալերանքն ու հետեւողութիւնը։
Ապա, հայր եւ որդի՝ Կարօ եւ ժանօ Պարտաքճեաններուն միատեղ կիսասարկաւագութեան աստիճան ստանալուն ակնարկելով¸ դիտել տուաւ թէ ինչ գեղեցիկ եւ դաստիարակիչ պատկեր է, երբ հայր մը իր օրինակով իր զաւակը կ’առաջնորդէ եկեղեցւոյ ծառայութեան։
Ժանօ կիսասարկաւագը Պարտաքճեան ընտանիքին չորրորդ սերունդն է, որ կը շարունակէ եկեղեցւոյ ծառայութեան մտնելու՝ հօրենական պատուէրը։
Նաեւ Պարտաքճեան ընտանիքը ամբողջութեամբ, ազգային կեանքին նուիրուած մեր ընտանիքներուն մէկ օրինակելի պատկերն է, մէկ զանազանութեամբ, որ այս ընտանիքը նաեւ այն քիչերէն է, որ իր ազգանուէր կեանքին մէջ նկատի ունի նաեւ եկեղեցին։
Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան անդրադառնալով, Առաջնորդ Սրբազանը մատնանշեց, թէ գաղութներու կեանքին կազմակերպման առաջին իսկ օրէն, հայապահպանման սատարող կառոյցներ պատահական ձեւով չհիմնուեցան, ոչ ալ սիրողական նախասիրութիւններու միութիւններ էին։ Իւրաքանչիւր կառոյց, որոնց կարգին եկեղեցի, մեր հայապահպանման համար կարեւոր սիւներ են, որոնք բոլոր ալ անհրաժեշտ են եւ ճիշդ չէ առաջնահերթութիւններ դնել անոնց միջեւ։
Աւարտին¸ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւը՝ Նարեկ քհնյ. Շահինեանը, որ հետեւողական ձեւով կը հրաւիրէ, կը քաջալերէ եւ կը հսկէ եկեղեցւոյ մէջ սպասարկողներուն, ինչպէս է պարագան այսօրուան ձեռնադրուող դպիրներուն ու կիսասարգաւագներուն։
Նկատի առած թէ նոյն օրը Մայիս 28-ն էր եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-ամեակը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը Ս. Խորան բարձրացաւ սարկաւագներով եւ դպիրներով շրջապատուած, կատարելու համար «Հանրապետական մաղթանք»ի կարգը: Հայրենիքի Երագոյն Ս. դրօշը «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւըդ քո» շարականի երգեցողութեամբ, բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր սաղմոսներով, քարոզներով, Աւետարանի ընթերցումով ու աղօթքներով օրնուելէ ետք, ներկաներս միաբերան ու յոտնկայս երգեցինք «Մեր Հարենիք» ազգային օրհներգը:
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Մայիսեան հերոսամարտերուն ընթացքին հայրենիքի ազատութեան ի խնդիր նահատակուած քաջամարտիկ զինուորներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Արարողութեան ներկայ եղան յունահայոց Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի, Հ. Կ. Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչներ եւ անդամներ:
Կարելի չէր, որ այսպիսի յիշատակելի, ուրախ ու օրհնաբեր օր մը, Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ ժրաջան Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներ իրենց մայրական ու թալար ձեռքերով պատրաստած ճաշատեսակներով «սիրոյ սեղան»ի մը շուրջ, չհաւաքէին արարողութեան ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը, եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ:
Վերջացնելով, շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք, նախ՝ թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գեղամ արքեպիսկոպոս Սրբազանին, իր հայրական հոգատարութեան, Յունաստանի Հայոց թեմի եկեղեցիներուն եւ անոնց մէջ ծառայողներուն արժեւորումին եւ քաջալերանքին համար, ապա Ֆիքսի շրջանի եւ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քահանային, սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, դպիրներուն, Թաղային խորհուրդին ու եկեղեցասէր Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն, յարգարժան բարերարներուն ու նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ ծխականներուն, որոնք ջանք չեն խնայեր, իրենց բարոյական եւ նիւթական ներդրումներով, քաջալեր հանդիսալ Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ պայծառակերպութեան ու անոր հոգեւոր ու ազգային առաքելութեան:
Վարձքը կատար բոլորին։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»
ԾԽԱԿԱՆ ՄԸ