Դպրաց եւ Կիսասարկաւագաց Ձեռնադրութիւնը ­Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

­Կի­րա­կի 28 ­Մա­յիս 2023-ի ա­ռա­ւօ­տը, ­Նէոս ­Գոզ­մոս (Ֆիքս)ի ­Սուրբ ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ ծխա­կան­նե­րուս հա­մար, եւ յատ­կա­պէս ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գին ու ա­նոր ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւող­նե­րուս յի­շո­ղու­թեան մէջ, որ­պէս յի­շա­տա­կե­լի օր, անջն­ջե­լի պի­տի մնայ:
Ա­ռա­ւօ­տեան Ս. պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, եւ նախ քան պա­տա­րա­գիչ ­Տէր հօր «Եւ տուր մեզ…» ձայ­նա­ւոր ա­ղօթ­քը ար­տա­սա­նե­լը, ­Յու­նաս­տաի ­Հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ՝ գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան, ե­մի­փո­րա­նով զգես­տա­ւո­րո­ւած, Ս. ­Խաչն ու ե­պիս­կո­պո­սա­կան գա­ւա­զա­նը ձե­ռին, «Այ­սօր ու­րա­խա­ցեալ ցնծան երկ­նից բազ­մու­թիւնք…» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ժո­ղո­վուր­դին խնկար­կու­մէն յե­տոյ, ­Դա­սին կեդ­րո­նը դրո­ւած ա­ռաջ­նոր­դա­կան գա­հին վրայ նստե­լէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյս եր­կու պա­տա­նի ծա­ռա­յող­նե­րը՝ Գ­րի­գոր Ու­նա­նեան եւ ­Փի­լի­պոս Պ­րուն­ծոս-Ե­րա­նո­սեան, ծուն­կի ե­կան ձեռ­նադ­րիչ Սր­բա­զան ­Հօր առ­ջեւ: Օ­րո­ւան պա­տա­րա­գիչ եւ խար­տա­ւի­լակ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նի կա­տա­րած ­Սաղ­մոս­նե­րու ու քա­րոզ­նե­րու ըն­թեր­ցում­նե­րով ձեռ­նադ­րիչ Սր­բա­զան հայ­րը յա­տուկ ա­ղօթք­նե­րով նախ կտրեց ըն­ծա­յեալ դպիր­նե­րուն մա­զե­րէն խա­չա­ձեւ չորս մա­սեր, որ­պէս­զի ի­րենց­մէ հե­ռա­նան աշ­խար­հիկ ցան­կու­թիւն­նե­րը, ա­պա ա­նոնց յանձ­նեց ­Սաղ­մո­սա­գիր­քը եւ ա­ւե­լը՝ որ­պէս ի­րա­ւունք կար­դա­լու եւ ե­կե­ղե­ցին մաք­րե­լու: Ան­կէ ետք, յա­ջոր­դա­բար տո­ւաւ ա­նոնց դպրու­թեան չորս աս­տի­ճան­նե­րը՝ դռնա­պա­նու­թիւ­նը, ըն­թեր­ցո­ղու­թիւ­նը, երդմ­նե­ցուց­չու­թիւ­նը եւ ջա­հըն­կա­լու­թիւ­նը։

Դ­պիր­նե­րուն ձեռ­նադ­րու­թե­նէն ետք, սկսաւ կի­սա­սար­կա­ւա­գու­թեան աս­տի­ճա­նի տու­չու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ «Ու­րախ լեր» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ըն­ծա­յեալ դպիր­ներ, հայր ու որ­դի՝ ­Կա­րօ եւ ­Ժա­նօ ­Պար­տաք­ճեան­ներ, ծուն­կի ե­կան ձեռ­նադ­րիչ Սր­բա­զա­նին առ­ջեւ եւ սաղ­մոս­նե­րու ու քա­րոզ­նե­րու ըն­թեր­ցում­նե­րով, ձեռ­նադ­րիչ Սր­բա­զան հայ­րը, ձեռ­քը դնե­լով ըն­ծա­յեալ­նե­րուն գլխուն, ա­նոնց ձախ բա­զու­կին դրաւ ու­րար­նե­րը, յե­տոյ ա­նոնց յանձ­նեց դա­տարկ Ս­կիհն ու ­Մաղզ­մա­նը, պա­տա­րա­գի լրիւ զգեստն ու խորհր­դա­տետ­րը։

­Ձեռ­նադ­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եւ «­Պահ­պա­նիչ»ով օրհ­նե­լէ ետք նո­րա­ձեռ­նար­դեալ­ներն ու ա­նոնց ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ ո­րոշ բա­ցատ­րա­կան մը տո­ւաւ ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րա­պե­տա­կան աս­տի­ճան­նե­րուն մա­սին, որ ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, նաեւ հաս­տա­տած է ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ծա­ռա­յող­նե­րու կար­գեր, ո­րոնք կը բաժ­նո­ւին եր­կու խում­բե­րու. ա­ւագ աս­տի­ճան­ներ՝ սար­կա­ւագ, քա­հա­նայ եւ ե­պիս­կո­պոս, եւ կրտսեր աս­տի­ճան­ներ՝ սաղ­մո­սեր­գու, ա­ւե­լա­ծու, դռնա­պա­նու­թիւն, ըն­թեր­ցո­ղու­թիւն, երդմ­նե­ցուց­չու­թիւն, ջա­հըն­կա­լու­թիւն եւ կի­սա­սար­կա­ւա­գու­թիւն։

Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ծա­ռա­յո­ղը ընտ­րո­ւած եւ ըն­դու­նո­ւած անձ պէտք է ըլ­լայ ե­կե­ղե­ցա­կան նո­ւի­րա­պա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ¸ որ ըստ կար­գի եւ աս­տի­ճա­նի, են­թա­կա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հրա­ման եւ ի­րա­ւունք կու­տայ։

Այ­սօր, եր­կու դպիր­նե­րը ար­տօ­նու­թիւն ստա­ցան ո­րոշ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ ­Սա պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թեան եւ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը լրջու­թեամբ կա­տա­րե­լու պա­տո­ւէր է։ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղա­կան կեան­քը կը ճո­խա­նայ եւ պայ­ծա­ռա­նայ ծա­ռա­յող­նե­րու վա­յե­լուչ դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ։ Գ­րի­գոր եւ ­Փի­լիպ­պոս դպիր­նե­րը ի­րենց գնա­հա­տե­լի ծա­ռա­յու­թեամբ կա­պա­հո­վեն ա­ւագ սե­րուն­դի ծա­ռա­յող­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը։

Այս ա­ռի­թով գնա­հա­տե­լով Գ­րի­գո­րին եւ ­Փի­լիպ­պո­սին նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս գնա­հա­տեց ա­նոնց ծնող­նե­րուն, ի մաս­նա­ւո­րի մայ­րե­րուն քա­ջա­լե­րանքն ու հե­տե­ւո­ղու­թիւ­նը։

Ա­պա, հայր եւ որ­դի՝ ­Կա­րօ եւ ժա­նօ ­Պար­տաք­ճեան­նե­րուն միա­տեղ կի­սա­սար­կա­ւա­գու­թեան աս­տի­ճան ստա­նա­լուն ակ­նար­կե­լով¸ դի­տել տո­ւաւ թէ ինչ գե­ղե­ցիկ եւ դաս­տիա­րա­կիչ պատ­կեր է, երբ հայր մը իր օ­րի­նա­կով իր զա­ւա­կը կ’ա­ռաջ­նոր­դէ ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան։

­Ժա­նօ կի­սա­սար­կա­ւա­գը ­Պար­տաք­ճեան ըն­տա­նի­քին չոր­րորդ սե­րունդն է, որ կը շա­րու­նա­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան մտնե­լու՝ հօ­րե­նա­կան պա­տո­ւէ­րը։

­Նաեւ ­Պար­տաք­ճեան ըն­տա­նի­քը ամ­բող­ջու­թեամբ, ազ­գա­յին կեան­քին նո­ւի­րո­ւած մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն մէկ օ­րի­նա­կե­լի պատ­կերն է, մէկ զա­նա­զա­նու­թեամբ, որ այս ըն­տա­նի­քը նաեւ այն քի­չե­րէն է, որ իր ազ­գա­նո­ւէր կեան­քին մէջ նկա­տի ու­նի նաեւ ե­կե­ղե­ցին։

­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը մատ­նան­շեց, թէ գա­ղութ­նե­րու կեան­քին կազ­մա­կերպ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն, հա­յա­պահ­պան­ման սա­տա­րող կա­ռոյց­ներ պա­տա­հա­կան ձե­ւով չհիմ­նո­ւե­ցան, ոչ ալ սի­րո­ղա­կան նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու միու­թիւն­ներ էին։ Իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյց, ո­րոնց կար­գին ե­կե­ղե­ցի, մեր հա­յա­պահ­պան­ման հա­մար կա­րե­ւոր սիւ­ներ են, ո­րոնք բո­լոր ալ անհ­րա­ժեշտ են եւ ճիշդ չէ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ դնել ա­նոնց մի­ջեւ։

Ա­ւար­տին¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը նաեւ գնա­հա­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վի­ւը՝ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նը, որ հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով կը հրա­ւի­րէ, կը քա­ջա­լե­րէ եւ կը հսկէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ սպա­սար­կող­նե­րուն, ինչ­պէս է պա­րա­գան այ­սօ­րո­ւան ձեռ­նադ­րո­ւող դպիր­նե­րուն ու կի­սա­սար­գա­ւագ­նե­րուն։

Ն­կա­տի ա­ռած թէ նոյն օ­րը ­Մա­յիս 28-ն­ էր եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան 105-ա­մեա­կը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը Ս. ­Խո­րան բարձ­րա­ցաւ սար­կա­ւագ­նե­րով եւ դպիր­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած, կա­տա­րե­լու հա­մար «­Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք»ի կար­գը: ­Հայ­րե­նի­քի Ե­րա­գոյն Ս. դրօ­շը «Ն­շա­նաւ ա­մե­նա­յաղթ խա­չի­ւըդ քո» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, բե­րո­ւե­ցաւ Ս. ­Խո­րան, ուր սաղ­մոս­նե­րով, քա­րոզ­նե­րով, Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մով ու ա­ղօթք­նե­րով օր­նո­ւե­լէ ետք, ներ­կա­ներս միա­բե­րան ու յոտն­կայս եր­գե­ցինք «­Մեր ­Հա­րե­նիք» ազ­գա­յին օրհ­ներ­գը:

Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հո­գե­հանգստեան պաշ­տօն՝ ­Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րուն ըն­թաց­քին հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թեան ի խնդիր նա­հա­տա­կո­ւած քա­ջա­մար­տիկ զի­նո­ւոր­նե­րուն հո­գի­նե­րուն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղան յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի, Հ. Կ. ­Խա­չի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ան­դամ­ներ:

­Կա­րե­լի չէր, որ այս­պի­սի յի­շա­տա­կե­լի, ու­րախ ու օրհ­նա­բեր օր մը, Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ժրա­ջան ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­ներ ի­րենց մայ­րա­կան ու թա­լար ձեռ­քե­րով պատ­րաս­տած ճա­շա­տե­սակ­նե­րով «սի­րոյ սե­ղան»ի մը շուրջ, չհա­ւա­քէին ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, ե­կե­ղեց­ւոյս ներք­նաս­րա­հին մէջ:

­Վեր­ջաց­նե­լով, շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի խօսք, նախ՝ թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Գե­ղամ ար­քե­պիս­կո­պոս Սր­բա­զա­նին, իր հայ­րա­կան հո­գա­տա­րու­թեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ ա­նոնց մէջ ծա­ռա­յող­նե­րուն ար­ժե­ւո­րու­մին եւ քա­ջա­լե­րան­քին հա­մար, ա­պա ­Ֆիք­սի շրջա­նի եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ ­Նա­րեկ քա­հա­նա­յին, սար­կա­ւագ­նե­րուն, կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն, դպիր­նե­րուն, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ու ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­նե­րուն, յար­գար­ժան բա­րե­րար­նե­րուն ու նո­ւի­րա­տու­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ծխա­կան­նե­րուն, ո­րոնք ջանք չեն խնա­յեր, ի­րենց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան ներդ­րում­նե­րով, քա­ջա­լեր հան­դի­սալ ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան ու ա­նոր հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան:

­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»
ԾԽԱԿԱՆ ՄԸ