Առտնի Լեզուն Ունի Իր Կանոնները

Էրկիր, Սփիւռք

«ԱԿՕՍ»

Մեզ՝ ակօ­­սական­­նե­­­րու հա­­մար յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն եւ ու­­րա­­­խու­­թիւն կը պատ­­ճա­­­ռէ Մա­­հիր Էօզ­­քա­­­նի «Համ­­շենցնակ» անուն ու­­սումնա­­սիրու­­թեան «Արաս»-ի մա­­տենա­­շարէն հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։

Մեր այս ու­­րա­­­խու­­թիւնը եւ հպար­­տութիւ­­նը կը բխի, այն իրո­­ղու­­թե­­­նէն, քա­­նի որ Մա­­հիր Էօզ­­քան իր առա­­ջին յօ­­դուած­­նե­­­րը ըն­­թերցո­­ղին մա­­տու­­ցած էր «Ակօս»-ի մի­­ջոցաւ։

Շուրջ 15 տա­­րի առաջ ան Համ­­շէ­­­նի ազ­­գագրա­­կան մշա­­կոյ­­թի նմոյշնե­­րը կը փո­­խան­­ցէր թեր­­թիս հա­­յերէն էջե­­րու ըն­­թերցող­­նե­­­րուն, համ­­շէ­­­նահա­­յերէն խիստ հա­­ճելի մէջ­­բե­­­րումնե­­րով։

Մա­­հիր Էօզ­­քան այս առա­­ջին փոր­­ձե­­­րէն ետք ըն­­թերցո­­ղին ներ­­կա­­­յացաւ նա­­խապէս թեր­­թիս էջե­­րուն տեղ գտած պա­­տումնե­­րու հա­­ւաքա­­կան հա­­տորով մը։ Եռա­­լեզու այս հա­­տորին մէջ ան համ­­շէ­­­նեան հէ­­քեաթ­­նե­­­րը նկա­­րագ­­րեց բար­­բա­­­ռային բնագ­­րով, հա­­յերէն տար­­բե­­­րակով եւ թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թիւնով։ Ապա դար­­ձեալ «Արաս»-ի մա­­տենա­­շարէն լոյս տե­­սաւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին գրա­­կանու­­թեան մէջ դա­­սակա­­նացած Ան­­դո­­­ւան Սեն Էք­­սուբե­­րիի «Պզտիկ Իշ­­խա­­­նը» անուն վէ­­պը համ­­շէ­­­նի բար­­բա­­­ռով։

Մինչ այդ Մա­­հիր Էօզ­­քա­­­նի համ­­շէ­­­նի ազ­­գագրու­­թեան ձօ­­նուած յօ­­դուած­­նե­­­րուն հե­­տեւե­­ցանք Համ­­շէնցի­­ներու Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան Միու­­թեան կող­­մէ հրա­­տարա­­կուած «Կոր» պար­­բե­­­րակա­­նի էջե­­րուն վրայ։

Քաջ տի­­րապե­­տելով համ­­շէ­­­նի բար­­բա­­­ռին եւ արեւմտա­­հայե­­րէնին, ան եր­­կար տա­­րիներ ու­­սումնա­­սիրեց նաեւ հա­­սարա­­կական բա­­ռամ­­թերքը։

Այս ան­­գամ Մա­­հիր Էօզ­­քան կը ներ­­կա­­­յանայ հա­­յերէ­­նի այս բար­­բա­­­ռի քե­­րակա­­նու­­թեան ձօ­­նուած ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնով մը։ Գիր­­քի կող­­քին վրայ կը կար­­դանք նաեւ «Արեւմտա­­հայե­­րէնի հետ բաղ­­դա­­­տական Համ­­շէ­­­նի Քե­­րակա­­նու­­թեան Գիրք» ծա­­նօթագ­­րութիւ­­նը։ 28 ան­­ջատ գլուխնե­­րէ բաղ­­կա­­­ցած ու­­սումնա­­սիրու­­թեան առա­­ջին բա­­ժինը պատ­­մա­­­կան ակ­­նարկ մըն է համ­­շէնցի­­ներու եւ համ­­շէ­­­ներէ­­նի մա­­սին։ երկրորդ բաժ­­նի մէջ հե­­ղինա­­կը կը փոր­­ձէ համ­­շէ­­­ներէ­­նի գրա­­ւոր լե­­զուի փո­­խանցման կա­­նոն­­նե­­­րը եւ մա­­նաւանդ ալ հա­­յերէ­­նի այս բար­­բա­­­ռին լա­­տինա­­տառ գրա­­ռու­­մին հա­­մար թե­­լադ­­րուած կա­­նոն­­նե­­­րը ծա­­նօթաց­­նել։

Յա­­ջոր­­դող բա­­ժին­­նե­­­րու մէջ բա­­ցատ­­րութիւններ կը տրո­­ւի անձնա­­կան դե­­րանուննե­­րու, շեշ­­տադրու­­թիւննե­­րու, եզա­­կի եւ յոգ­­նա­­­կիի գոր­­ծա­­­ծու­­թեան, բա­­ռերու փո­­փոխ­­ման կա­­նոն­­նե­­­րու, թի­­ւերու եւ թո­ւակա­­նաց­­ման կա­­նոն­­նե­­­րու եւ վեր­­ջա­­­պէս համ­­շէ­­­ներէն խօ­­սակ­­ցա­­­կան եւ գրա­­ւոր օրի­­նակ­­նե­­­րու։

Իր տե­­սակին մէջ մեծ հա­­ւանա­­կանու­­թեամբ առա­­ջին օրի­­նակը հա­­մարե­­լու ար­­ժա­­­նի այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը ան­­գամ մը եւս կ՚ապա­­ցու­­ցէ Մա­­հիր Էօզ­­քա­­­նի իր մայ­­րե­­­նիի հան­­դէպ հմտու­­թիւնը։ Ան առտնի խօ­­սակ­­ցա­­­կան բար­­բա­­­ռը իւ­­րա­­­յատուկ երանգնե­­րով նկա­­րագ­­րե­­­լու կա­­րեւոր փորձ մը իրա­­կանա­­ցու­­ցած է, որ ար­­ժա­­­նի է յա­­տուկ ու­­շադրու­­թեան։