Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետ՝ Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին հայրապետական թափօրը, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Թորոգոմ Եպիսկոպոս Տոնոյեանի մուտք գործեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։

Սոյն արարողութեան ներկայ էին միջ-եկեղեցական հետեւեալ կրօնական պետերը.-Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Անպա Մինա Եպիսկոպոսը, Գանատայի Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդ Լինտա Արքեպիսկոպոս Նիքըլս, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հոգեւոր Հովիւ Գերապատիւ Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեանը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարկարեան։ Ինչպէս նաեւ, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ քահանաներ ու սարկաւագներ։

Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամները, տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան՝ Կանոնական աղօթքէն ետք բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, որմէ ետք Գահակալ Հայրապետը փոխանցեց հայրապետական իր օրհնաբեր պատգամը։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։

Horizon Weekly Newspaper