«Դադիվանքի Հայկականութիւնը Փաստող Արտասահմանեան Գրականութիւն»․ Արցախի Թեմ

Աշխարհ, Հայաստան

Դադիվանքի վաղեմութեան ու հայկականութեան մասին կը փաստեն վանքի պատերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւններն ու վանքի տարածքին վրայ գտնուող հնագոյն խաչքարերը: Այս մասին գրած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմը (artsakhdiocese.am):

Վանքի կառուցման մասին պատմական տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ կան արտասահմանեան տարբեր գրականութեան եւ մասնագիտական աշխատութիւններու մէջ:

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ Պատրիարքի օրհնութեամբ եւ խմբագրութեամբ հրատարակուած Ուղղափառ հանրագիտարանին մէջ ներկայացուած է Դադիվանքի կառուցման, անուան ծագումնաբանութեան, դարերու ընթացքին յարձակումներու եւ աւերածութիւններու ենթարկուած եւ կանգուն մնացած հայկական սրբավայրին մասին։ Աշխատութեան մէջ մանրամասն ներկայացուած են վանական համալիրի տարածքին վրայ գտնուող շինութիւններուն մասին պատմական փաստերն ու նկարագրութիւնները։

2014 թուականին ճարտարապետ Արա Զարեանի եւ Իտալիայէն ժամանած վերականգնող Քրիստին Լամուրէի համատեղ ջանքերով մեկնարկեց Դադիվանքի որմնանկարներու վերականգնման գործընթացը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 2017 թուական։ Մասնագէտները կատարուած աշխատանքներուն մասին մանրամասն ներկայացուցած են իրենց կողմէ հեղինակած «1214 թուականին կառուցուած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 1297 թուականի որմնանկարներու պահպանական վերականգնում» գիրքին մէջ։ Գիրքը կը սկսի Դադիվանքի պատմութեամբ ու նկարագրութեամբ, այնուհետեւ կը շարունակեն մասնագէտներուն կողմէ կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքներն ու բացայայտումները։ Մասնագէտներու ծաւալուն աշխատանքին իբրեւ արդիւնք վերջնականապէս պարզ դարձաւ Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներսի որմնանկարներուն պատմական տեսարաններն ու որմնանկարներուն յստակ տարեթիւը՝ 1297թ., որուն մասին կը փաստէ եկեղեցւոյ հարաւային պատի պատուհանին անմիջապէս ստորին հատուածին վրայ զետեղուած երեք տողով հայերէն որմնագիր արձանագրութիւնը՝ ՉԽԶ (Չ=700; Խ=40; Զ=6 ուրեմն’ 746+551=1297)։

Մասնագէտները մաքրած եւ վերականգնած են եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն որմնանկարները, ուր պատկերուած են Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործի հայրապետական իշխանութեան ընծայման վարքագրական դրուագն ու Ս. Ստեփանոս Նախավկայի քարկոծութեան տեսարանը։ Որմնանկարներուն վերականգնման իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկան տեսարանները բնութագրող շարք մը հայատառ արձանագրութիւններ։