Միջազգային Հանրութեան Կոչ Կ՝ընենք Թոյլ Չտալ 21-րդ Դարու Մարդկութեան Դէմ Ուղղուած Հերթական Միջազգային Յանցագործութիւններու Իրականացման․ ՀՅԴ ԳՄ

Աշխարհ, Հայաստան

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն ետք՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Հայաստանը ճանչցած է ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 1991 թ. Ալմա-Աթայի Հռչակագիրին հիման վրայ՝ 86.6 հազար քառ. Ք. Մ. տարածքով։

Յայտարարութիւնը տեղի ունեցած է ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն հանդէպ ուժի շարունակական կիրառման եւ յարձակողապաշտութեան, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան տեղահանութեան, ցեղական զտման եւ ցեղասպանութեան ենթարկելու ահագնացող սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ:

Այս յայտարարութիւնը կատարուած է անտեսելով հետեւեալ հանգամանքները.

1. Հաշուի չեն առնուած եւ չեն յիշատակուիր ԱՊՀ ստեղծման մասին Համաձայնագիրի վաւերացման ժամանակ Ալմա-Աթայի՝ ԱՊՀ ստեղծման մասին Համաձայնագիրին կից Արձանագրութեամբ նախատեսուած իրաւասութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ եղած վերապահումները:

2. ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը չի ներառեր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը. վերջիններս ԽՍՀՄ-էն անկախացած են տուեալ պահուն գործող օրէնսդրական ընթացակարգերուն համապատասխան: Աւելին՝ ազրպէյճանը իր անկախութիւնը յայտարարած է 1918-1920 թթ. ազրպէյճանի ժողովրդավարական Հանրապետութեան իրաւայաջորդութեան հիման վրայ, որուն կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղը չէ եղած:

3. Արհամարհուած են Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ միջազգայնօրէն ճանչցուած հիմնական ձեւաչափի՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեամբ ամրագրուած եւ բազմիցս յայտարարուած սկզբունքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ կնքուած «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը»:

4. նիկոլ փաշինեանը իրաւասու չէ տալու համաձայնութիւն՝ առանց հայկական կողմի վերապահումներուն յղում կատարելու, անտեսելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, խախտելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը, Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի 1992 թ. Յուլիսի 8-ի որոշմամբ ստանձնած յանձնառութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի է միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, ուր ԼՂՀ-ն կը նշուի ազրպէյճանի կազմին մէջ:

5. Հայաստանի ներպետական օրէնսդրութեան նշուած պահանջները ապօրինի շրջանցելով, առանց Արցախի համաձայնութեան վերջինիս անունով եւ վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն տալով նիկոլ փաշինեանը կը վերազանցէ իր լիազօրութիւնները, կ՝օժանդակէ Արցախի հայաթափման եւ արցախահայութեան հայրենազրկման ալիեւի վարչաձեւի քաղաքականութեան, առերեւոյթ կը կատարէ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ: Բացի այդ, նիկոլ փաշինեանի կողմէ ի հակառակ իր, ինչպէս նաեւ իր իսկ կողմէ գլխաւորած քաղաքական ուժի նախընտրական եւ ձեւաւորած կառավարութեան ծրագիրներուն, որեւէ յայտարարութիւն կամ գործողութիւն օրինական չէ եւ անխուսափելիօրէն պիտի յառաջացնէ քաղաքական, բարոյական եւ իրաւական յստակ հետեւանքներ:

Առ այդ, վերը նշուած հանգամանքներուն ներքոյ տրուած համաձայնութիւնները (նախատեսուող պայմանագրերը) Միջազգային պայմանագրերու իրաւունքի մասին Վիեննայի համաձայնագիրին ուժով առ ոչինչ են:

Դիմելով միջազգային հանրութեան՝ կոչ կ՝ընենք մասնակից չդառնալու եւ թոյլ չտալու 21-րդ դարու մարդկութեան դէմ ուղղուած հերթական միջազգային յանցագործութիւններու իրականացման:

Սիրելի՛ արցախցիներ, սիրելի՛ հայրենակիցներ, չե՛նք հաշտուիր, չե՛նք հանդուրժեր: Ինքնորշումը Արցախի ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքն է, որ չունի այլընտրանք։

Միասնական պայքարով եւ ազգային համաձայնութեամբ յաղթահարենք հայոց պետականութեան ուղղուած գոյութենական սպառնալիքը։

15.05.2023 թ.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին